Search
Close this search box.

ԱՄՆ – Հարաւային Գալիֆորնիոյ կատաղի հրդեհին պատճառով տարհանուած են հազարաւոր հայ ընտանիքներ եւս, քանդուած են տուներ եւ համայնքային կառոյցներ

 

Փասատինա գտնուող Սահակ-Մեսրոպ հայկական վարժարանը եւ Ալթատինայի Սահակ Մեսրոպ քրիստոնեայ դպրոցը հրոյ ճարակ դարձած են

Հարաւային Գալիֆորնիոյ զանազան շրջաններուն մէջ Յունուար 7-ին ծայր առած եւ տակաւին շարունակուող սաստիկ հովին պատճառով յառաջացած կատաղի հրդեհը պատճառ դարձած է տասնեակ հազարաւոր բնակիչներու կողքին՝ հազարաւոր հայ ընտանիքներու եւս տարհանման, ինչպէս նաեւ համայնքային կառոյցներու քանդումին։ Փասատինա գտնուող Սահակ-Մեսրոպ հայկական վարժարանը եւ Ալթատինայի Սահակ Մեսրոպ քրիստոնեայ դպրոցը հրոյ ճարակ դարձած են։ Ալթատինայի, Փասատինայի, Լա Գանիատայի, Գրեսենթա հովիտի եւ հիւսիսային Կլենտէյլի մէջ ապրող հայ համայնքներու հազարաւոր բնակիչներ ստիպուած եղած են հեռանալու իրենց բնակարաններէն: Տեղւոյն իշխանութիւններուն կողմէ անոնց խստօրէն թելադրուած է տեղեակ մնալ իրադրութենէն եւ հնազանդիլ տարհանման հրահանգներուն:

Փասատինայի հայկական վարժարանին աւերակը՝ հրդեհէն ետք

Հրդեհին վայրերուն մէջ գտնուող հայկական վարժարանները փակուած են։

Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ի համաձայն՝ Ազգային առաջնորդարանը յայտարարած է, թէ Փասատինայի, Կլենտէյլի, Մոնթեպելլոյի եւ Էնսինոյի իր եկեղեցիները բաց են՝ ընդունելու համար այն ընտանիքները, որոնք ենթարկուած են տարհանման: Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ-ն եւս յայտարարած է, թէ խնդրոյ առարկայ շրջաններուն մէջ գտնուող իր կեդրոնները բաց են հրդեհին պատճառով ապաստանի կարիք ունեցողներուն առջեւ։

Յունուար 9-ին, ըստ վերջին հաշուկշիռի մը՝ կար առնուազն հինգ մեռեալ։