Search
Close this search box.

ԱՄՆ կ՚աշխատի ՕԹԱՆ-ի համաժողովի շրջանակին մէջ հայ-ազերպայճանական հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ 

 

Յուլիս 2-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեան մամլոյ փոխբանբեր Վետանթ Փաթել յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ աշխատիլ ՕԹԱՆ-ի համաժողովի շրջանակին մէջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հանդիպումներ կազմակերպելու ուղղութեամբ՝ ընդգծելով, թէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւնները առաջնահերթութիւն են ԱԳ նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ գերատեսչութեան այլ պաշտօնատարներուն համար։

“Կասկած չունիմ, որ աշխատանքը այդ ուղղութեամբ կը շարունակուի։ Ինչ կը վերաբերի համաժողովի ծիրէն ներս հանդիպումներուն, ապա ժամանակացոյցի մասին տակաւին չեմ ուզեր խօսիլ”,– ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը։