Search
Close this search box.

ԱՄՆ կ՚աջակցի Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան․ նախարար Ժաննա Անդրէասեանի եւ դեսպան Քրիսթինա Քվինի այցը Երերոյք

Օգոստոս 20-ին, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար ժաննա Անդրէասեան եւ ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվին պաշտօնատար անձանց հետ այցելած են Երերոյքի պատմական բազիլիք տաճար, ուր ԱՄՆ-ու դեսպանութեան մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի տրամադրած 175.000 տոլար դրամաշնորհով կ՚իրականացուին վերանորոգման աշխատանքներ։

ԿԳՄՄ նախարարը ընդգծած է ցուցաբերուող աջակցութեան կարեւորութիւնը, որ կարելիութիւն կ՚ընձեռէ պահպանելու Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան եզակի կառոյցներէն համարուող՝ Երերոյքի տաճարը, որ ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ:

“Վերաիմաստաւորուած միջավայրին մէջ ներկայացնելով Հայաստանի հազարամեակներու մշակոյթը, պատմութիւնը, ճարտարապետութիւնը եւ արուեստը՝ հնարաւորութիւն կ՚ունենանք այստեղ կազմակերպելու կրթական ծրագրեր: Կ՚ընդգծեմ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ձեռագրերու պահպանութեան աջակցութեան ծրագիրը, որ կը նախատեսուի իրականացնել «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին հետ: Վստահ եմ, որ սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ”,– նշած է նախարարը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ԱՄՆ-ու դեսպանութեան:

“Մշակութային պահպանութեան բնագաւառին մէջ մեր համագործակցութիւնը կը վկայէ մեր երկու պետութիւններու միջեւ ամուր գործակցութեան մասին։ Միասին մենք կը պահպանենք պատմութիւնը եւ կը նպաստենք փոխադարձ ըմբռնման եւ յարգանքի ձեւաւորման”, – յայտնած է դեսպան Քվին։

ԱՄՆ-ու դեսպանի մշակութային պահպանութեան հիմնադրամը 74 հազար տոլար կը տրամադրէ Մատենադարանին՝ Արցախի արխիւային փաստաթուղթերու պահպանութեան նպատակով

Տեղւոյն վրայ Քրիսթինա Քվին յայտարարած է ԱՄՆ-ու դեսպանութեան մշակութային պահպանութեան հիմնադրամի նոր ծրագրին մասին, որով 74.000 տոլար կը տրամադրուի Մատենադարանին՝ Արցախի հինաւուրց հայկական վանքերուն մէջ ստեղծուած հազուագիւտ ձեռագրերու եւ արխիւային փաստաթուղթերու պահպանութեան նպատակով։

Նշենք, թէ ԱՄՆ-ու դեսպանութեան մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի գանձատրումով Հայաստանի մէջ 2005-էն ի վեր իրագործուած է մշակութային պահպանութեան 15 ծրագիր, որոնց համար յատկացուած է, ընդհանուր առմամբ, 1,6 միլիոն տոլար։