Search
Close this search box.

ԱՄՆ կը կրկնապատկէ Հայաստանին տրամադրուող նիւթական օժանդակութիւնը

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան և ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելօ Սեպտեմբեր 11-ին ստորագրած են երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան դրամաշնորհային համաձայնագրի փոփոխութիւնը, որով Հայաստանին յատկացուող 120 միլիոն տոլար գումարը աւելի քան կրկնապատկելով՝ կը բարձրացուի 250 միլիոնի։

Այս փոփոխութեան նպատակն է խթանել Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ընդլայնել հասարակաց ծրագրերու բնագաւառները։

Հայաստանի զարգացման աջակցելու նպատակով, 1992-էն ի վեր Միացեալ Նահանգներ շուրջ 3 միլիառ տոլար օժանդակութիւն տրամարդրած է։