ԱՄՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ. USAID 120 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Հայաստանի կառավարութեան

Հայաստան ու ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID) կը նախատեսեն ստորագրել համագործակցութեան դրամաշնորհային նոր համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ 120 միլիոն տոլար ամերիկեան ներդրում։

Յունիս 23-ի նիստին՝ կառավարութիւնը որոշած է համաձայնութիւն տալ այս համաձայնագրի կնքման։ Զարգացման ուղղուած համագործակցութեան դրամաշնորհային համաձայնագրի նպատակն է աջակցիլ Հայաստանին՝ ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական կայունութեան ամրապնդման ուղղուած բարեփոխումներու գործընթացին մէջ:

120 միլիոն տոլարին 68,5 միլիոնը պիտի ուղղուի ժողովրդավարութեան խթանման, իսկ 51,4 միլիոնը՝ տնտեսական անվտանգութեան բարելաւման համար։ «Հաշուի առնելով COVID-19 համավարակով եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմով պայմանաւորուած ցնցումները, ինչպէս նաեւ 2021թ. կայացած արդար եւ թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ սոյն փաստաթղթով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները յանձնառութիւն է վերցնում աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեանը՝ արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման կայացման, ժողովրդավարական ձեռքբերումները պահպանելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարտահրաւէրները յաղթահարելու ուղղութիւններով»,– նշուած է կառավարութեան հիմնաւորումներուն մէջ։