Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւն.  «Մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը»

 

Սեպտեմբեր 5-ին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վետանթ Փաթել լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն մտահոգ է Արցախի մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումով՝ շարունակուող շրջափակման հետեւանքով։

“ԱՄՆ վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին շարունակաբար կ՚աշխատի կողմերուն հետ, որպէսզի ապահովուի մարդասիրական օգնութեան առաքումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, եւ մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրային եւ ուղեւորներու փոխադրութեան համար”,– ընդգծած է ան։ ■