ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Մինսքի խումբի նոր համանախագահ նշանակելու վերաբերեալ Պաքուի յայտարարութեան

ԱՄՆ-ու Պետական բաժանմունքը պատասխանած է Մինսքի խումբի նոր համանախագահ նշանակելու վերաբերեալ Պաքուի հրապարակած անհեթեթ յայտարարութեան թէ՝ նման քայլերը «չեն կրնար նպաստել հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման»։

ԱՄՆ-ու Հանրային կապերու գրասենեակի բանբեր Վետանթ Փաթէլ անդրադառնալով ազերպայճանական կողմի յայտարարութեան, մասնաւորապէս նշած է, որ «ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն բանակցող աւագ խորհրդական նշանակած է Ֆիլիփ Ռիքըրը՝ ընդգծելու համար մեր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ։ Մենք յանձնառու ենք դիւրացնելու ուղղակի երկխօսութիւնը Ազերպայճանի եւ Հայաստանի հետ երկկողմ եւ բազմակողմ մակարդակներու վրայ»։

Փաթէլ անգամ մը եւս յիշեցուցած է, որ այսուհետեւ դեսպան Ռիքըր կը ներկայացնէ ԱՄՆ-ն թէ՛ Մինսքի խումբին մէջ, թէ՛ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն։

Նշենք, թէ Պլինքընի որոշումին յաջորդած էր Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, ուր յատկապէս ընդգծուած էր. «․․․Գրեթէ չգործող Մինսքի խումբը վերակենդանացնելու փորձերը կրնան ԱՄՆ-ն հեռացնել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն»։ Ազերպայճան նաեւ յայտարարած էր, որ՝ «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորուած է», աւելցնելով՝ «հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Ղարաբաղի հարցին կապելը  որեւէ կերպով չի նպաստեր այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման»։

Խմբագրական