Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Ուաշինկթըն պատրաստ է որեւէ ձեւաչափով աշխատելու Երեւանի եւ Պաքուի հետ»

 

«Ամերիկայի ձայն» հայկական ծառայութեան հարցումին ի պատասխան՝ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութենէն հաղորդած են, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է որեւէ ձեւաչափով աշխատելու Երեւանի եւ Պաքուի հետ։

«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ջանքերուն՝ հասնելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան, որ էական նշանակութիւն ունի անվտանգ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի համար»,– ընդգծած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։