ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց փոխնախարար Ուզրա Զեյա հաստատած է, թէ ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչ մը պիտի աշխատի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, առանց մանրամասնութիւն տալու։
«Հետք»-ի հետ հարցազրոյցին՝ ան ողջունելի զարգացում համարած է երեւոյթը՝ նաեւ դրուատելով ԱՄՆ-ու եւ Հայաստանի միջեւ պաշտպանութեան ու անվտանգային համագործակցութեան ամրապնդումը։
“Սա եւս կը մատնանշէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ նոր՝ ռազմավարական գործընկերութեան փուլ թեւակոխելու պատմական փաստը”,– ըսած է Զեյա։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։