Ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ, Յուլիս 17-ին տեղի ունեցած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի՝ եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հեռաձայնային զրոյցը:
Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։ ՀՀ Նախարարը իր զրուցակցին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։
Դիւանագէտները յատկապէս անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազերպարճանի Արտաքին գործոց նախարարներու թիֆլիսեան հանդիպման։ Միրզոյեան ընդգծած է Մինսքի խումբի համանախագահութեան կարեւոր դերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Հեռաձայնային զրոյց նաեւ Պայրամովի հետ
Նոյն օրը, Տոնֆրիտ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ։ Քննարկուած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը։ Արծարծուած է նաեւ թիֆլիսեան հանդիպման առնչուող հարցեր։
Էնթընի Պլինքըն ողջունած է Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Թուիթըրի իր հաշիւին գրառումով ողջունած է Պաքու-Երեւան երկկողմ հանդիպումը։ «Արարատ Միրզոյեան եւ ճեյհուն Պայրամով Թիֆլիս հանդիպելով դրական քայլ կատարած են: Ուղղակի երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու ամէնէն վստահելի ճանապարհն է»,– գրած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։