ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի անդամները՝ Ուաշինկթընի մէջ ՕԹԱՆ-ի համաժողովին ընդառաջ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են՝ ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ յղելով պատասխանատւութեան ենթարկելու Ազերպայճանը Արցախի մէջ գործադրած ցեղային զտման համար, նպաստելու հայերու Արցախ վերադարձին եւ պաշտպանելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը՝ ազերպայճանական շարունակական յարձակումներու լոյսին տակ։ Լուրը կը հաղորդէ ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբը։
Նշուած է, թէ ԱՄՆ պէտք է աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ մերժէ Ազերպայճանի պահանջները։ «Սա կը նշանակէ Ադզերպայճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան դադրեցում եւ պատիժներու կիրարկում պաշտօնատար անձանց նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են չարաշահումներու համար»,– ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Գոնկրէսականները յայտարարած են, թէ այն պահուն, երբ աշխարհի առաջնորդները կը համախմբուին Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու ՕԹԱՆ-ի համաժողովին, Պայտընի վարչակազմը պէտք է ապահովէ Պաքուի կողմէ միջազգային օրէնքներու յարգումը՝ ներառեալ հայ ռազմագերիներու վերադարձը, մշակութային կառոյցներու պաշտպանութիւնը, աջակցութիւնը արցախահայութեան, որպէսզի անոնք կարողանան միջազգային երաշխիքներով վերադառնալ իրենց տուները։
Հաղորդագրութիւնը ստորագրած են գոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոն, Էտըմ Շիֆ, Կաս Պիլիրաքիս եւ Տեյվիտ Վալատաօ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։