Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբ. «Նախագահական ընտրութենէն 40 օր առաջ Հարիս կը փորձէ սիրաշահիլ ամերիկահայ ընտրողները»

 

Անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով Միացեալ Նահանգներու  նախագահի դեմոկրատ թեկնածու եւ ներկայիս փոխնախագահ Քամալա Հարիսի՝ ԱՄՆ-ու հայ համայնքին ուղղած յայտարարութեան, որուն մէջ խաղաղութեան համար կարեւոր կը նկատուէր Արցախի հայութեան վերադարձի ապահովումը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարած է հետեւեալը․ 

«Իբրեւ փոխնախագահ՝ Քամալա Հարիս ամբողջ տարի մը ունէր աշխատանք տանելու Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքին համար՝ Ամերիկայի առաջնորդութեամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւի մը միջոցով, սակայն ան հիմա միայն սկսած է խօսիլ (ամերիկահայերուն եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն հետ), նախագահական ընտրութենէն միայն 40 օր առաջ, երբ հայ ընտրողները կրնան վճռորոշ ըլլալ առանցքային նահանգներու մէջ: 

Յատկանշական է, որ փոխնախագահ Հարիս, որուն վարչակազմը զինած է Ազերպայճանի ցեղասպանական շրջափակումը եւ յարձակումը Արցախի վրայ, նոյնիսկ մատ մը չբարձրացուց եւ ձայն չհանեց 2023-ին տեղի ունեցած բռնարարքներուն դէմ։ Նոյնիսկ քարոզարշաւի հռետորաբանութեան մակարդակով ան ո՛չ մէկ բառ ըսած է Ազերպայճանի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական սպառազինութիւնը եւ օժանդակութիւնը դադրեցնելու կամ այլ միջոցներով Պաքուն պատասխանատւութեան ենթարկելու ուղղութեամբ: Քաղաքական գործիչները՝ նախագահական թեկնածուները եւ այլն, չեն կրնար ներկայանալ իբրեւ հայերու բարեկամներ, երբ կը հրաժարին պատասխանատւութեան ենթարկելէ Ալիեւը կամ չեն կրնար զսպել անոր բռնարարքները»։

Յիշեցնենք թէ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ձախողած համարած էր Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ թէ՛ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ թէ ներկայ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմերուն քաղաքականութիւնը։

Ամերիկահայերը կրնան առանցքային դեր ունենալ 2024-ի նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն վրայ, յատկապէս՝ Արիզոնայի, Ճորճիայի, Միշիկընի, Նեւատայի, Հիւսիսային Քարոլայնայի, Փենսիլվանիոյ եւ Ուիսքանսընի մէջ, ուր հայահոծ համայնքներ կան։