Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 1 միլիոն տոլար արժող յաւելեալ աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն

 

Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, թէ ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID) 1 միլիոն տոլար արժող յաւելեալ  աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։ Այսպէս՝ 19.300 հոգի առաջնահերթօրէն մարդասիրական օգնութիւն կը ստանայ USAID-ի գանձատրումով գործող «Ընկերային պաշտպանութիւն, ներառում եւ հզօրացում» ծրագրին միջոցով, զոր կ՚իրականացնէ «Democraty International» կազմակերպութիւնը։

Առ այդ, արդէն Յունուար 31-ին, Երեւանի Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջանը բնակող Արցախէն տեղահանուածները ստացած են սննդեղէն եւ առողջապահական պարագաներ։