Search
Close this search box.

ԱՄՆ, Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ քանի մը տասնեակ երկիրներ Պաքուի մէջ կը մասնակցին տիեզերագնացութեան համաժողովին

Կարծէք ո՛չ մէկ բան տեղի ունեցած ըլլար…. 

Ազերպայճանական լրատու գործակալութիւններու համաձայն՝ Պաքուի մէջ տիեզերագնացութեան  74-րդ միջազգային համաժողովին (Հոկտեմբեր 2-էն 6) կը մասնակցին տիեզերական գործակալութիւններու, ներդրողներու եւ տիեզերական սեփական ընկերութիւններու, տեղւոյն եւ միջազգային լրասփիւռներու, ինչպէս նաեւ աւելի քան 33 երկիրներէ 5.000 ներկայացուցիչներ։ Համաժողովի ցուցանմուշներու տաղաւարին մէջ ներկայացուած են աւելի քան 140 ընկերութիւններ։

 

Ցուցադրութեան մասնակցող ընկերութիւններէ եւ գործակալութիւններէ նշենք՝ ԱՄՆ-ու ՆԱՍԱ-ն, Ճափոնի տիեզերական գործակալութիւնը (JAXA), Իտալիոյ տիեզերական գործակալութիւնը (Agenzia Speziale Italiana), AIRBUS ընկերութիւնը, Ino գանատական նորարարական կեդրոնը, Ֆրանսայի CNES տիեզերական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնը, Հնդկաստանի ISRO տիեզերական գործակալութիւնը, Türkiye Uzay Ajansı-ն, «Ռոսկոսմոսը»,  միջազգային այլ ընկերութիւններ։

Ալիեւ. «Հարաւային Կովկասը կրնայ թեւակոխել խաղաղութեան դարաշրջան»

Հոկտեմբեր 2-ին, համաժողովի բացումին ելոյթ ունենալով՝ Պաքուի բռնապետ Ալիեւ յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի «հողային ամբողջականութիւնը վերականգնուած ըլլալով» Հարաւային Կովկասը կրնայ թեւակոխել խաղաղութեան դարաշրջան։

“Մեր հողային ամբողջականութեան վերականգնման փորձառութիւնը շատ իւրայատուկ եւ անկրկնելի երեւոյթ մըն էր։ Մենք վերջ դրինք հակամարտութեան: Առ այդ մենք պահպանեցինք մեր արժանապատւութիւնը եւ վերականգնեցինք միջազգային իրաւունքը”։

“Այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ մենք կրնանք թեւակոխել խաղաղութեան դարաշրջան։ Սա մեր կարծիքն է։ Համագործակցութիւն, փոխշահաւէտ ծրագեր, փոխադարձ օգուտներ՝ մենք այսօր կը ցուցադրենք այդ ամէնը”,– ընդգծած է ան։