Search
Close this search box.

Անակնկալ փառատօնը՝ «Շաբաթավերջ մը արեւելեան կողմն աշխարհի»

Հայաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ներ­քին քա­ղաքա­կանու­թիւնը, պա­տերազ­մի սպառ­նա­լիք­նե­րը, հայ գե­րիներն ու պա­տանդնե­րը, Ար­ցա­խի գաղ­թական­նե­րը, աշ­խարհա­քաղա­քա­կան անկա­յու­նութիւ­նը, կլի­մայի պաշտպա­նու­թիւնը… ազգա­յին ու մի­ջազ­գային տագ­նապներ ու խնդիր­ներ պատճառ դարձեր էին մոռնալու, որ քա­ղաքա­կանու­թեան, ըն­կե­րային ու տնտե­սական հար­ցե­րու կող­քին կայ նաեւ մշա­կու­թա­յին կեանք, կան մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչներ ու արուես­տա­գէտ­ներ, որոնք աշ­խա­տան­ք կը տա­նին մի­ջազ­գա­յին ու ազ­գա­յին տագ­նապնե­րու պայ­մաննե­րու մէջ, կ՚ար­ծարծեն հար­ցեր, ազ­գա­յի՛ն ու հա­մամարդկա­յի՛ն հար­ցեր… առիթ կ՚ընձեռեն աշ­խարհը այլ դի­տան­կիւ­նէ ըն­կա­լելու։

«Շա­բաթա­վերջ մը արե­ւելեան կողմն աշ­խարհի» Արե­ւելք-Արեւ­մուտք մշա­կոյթնե­րու փա­ռատօ­նին 8-րդ շրջա­նը նուիրուած էր Երե­ւանին, անոր մշա­կու­թա­յին կեան­քին, գե­ղարուես­տա­կան ար­տադրու­թեան, հայ­կա­կան Սփիւռքի՝ ընդհան­րա­պէս բնիկ երեւանցի կարգ մը արուես­տա­գէտ­նե­րու աշ­խա­տան­քին։ Անակնկալ փա­ռատօն մը, որուն կազ­մա­կեր­պիչնե­րը նա­խապէս ծրագ­րած էին զայն նուիրել Լիթ­վա­նիոյ, սա­կայն ան­ցեալ տարուան Սեպ­տեմբե­րին Ազեր­պայճա­նի կող­մէ իրա­գոր­ծուած Ար­ցա­խի ցե­ղային զտու­մը, մղած է զի­րենք այս՝ 8-րդ փա­ռատօ­նը նուիրել հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի յայտնա­բերման։

Ան­ցեալ Չո­րեք­շաբթի, «Ալիանս Ֆրան­սե­զ»-ի թատ­րոնին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Շա­բաթա­վերջ մը արե­ւելեան կողմն աշ­խարհի» փա­ռատօ­նին, կնքա­հայ­րութեամբ Անտրէ Մա­նու­կեանի,– որուն ի մի բերած երաժշտա­կան խումբը փա­ռատօ­նին բա­ցու­մը կա­տարեց,– եւ կնքա­մայ­րութեամբ՝ պա­րու­սոյց Ռի­մա Պի­պոյեանի, որ Հա­յաս­տա­նի առա­ջին ժա­մանա­կա­կից պա­րային խումբին հիմ­նա­դիրը կը հան­դի­սանայ։

Տաս­նօ­րեայ ձեռ­նարկնե­րու ճոխ, բազ­մա­զան ու շլա­ցու­ցիչ հա­մա­խմբում մը, որ Նո­յեմ­բե­ր 20-30  Փա­րիզը դար­ձաւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի կեդ­րոն։ «Շա­բաթա­վերջ մը արե­ւելեան կողմն աշ­խարհի» փա­ռատօ­նի հիմ­նա­դիր­նե­րուն առանցքային նպատակն է Արե­ւել­քի եւ Արեւ­մուտքի մի­ջեւ հան­դի­պումներ հիւ­սել արուես­տի ու մշա­կոյ­թի բազ­մա­զան ար­տա­յայտչաձեւե­րու միջոցով, յայտնա­բեր­ելու համար մշա­կոյթ մը, որ ինքնին դա­րեր շա­րու­նակ Արե­ւել­քի ու Արեւ­մուտքի հան­դի­պու­մի ու բա­խու­նե­րու վայ­րը հան­դի­սացած է ու կը մնայ։ Յիսունէ աւե­լի ձեռ­նարկներ՝ երաժշտու­թիւն, պար, ցու­ցա­հան­դէս, շար­ժա­րուեստ, թատ­րոն, գրա­կա­նու­թիւն, բա­նախօ­սու­թիւն, կլոր սե­ղան, հարիւրէ աւե­լի արուես­տա­գէտ­նե­րու, մտա­ւորա­կան­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ, նուիրուած հայ­կա­կան արուես­տին, անոր ար­տա­յայ­տութեան, Փա­րիզի 50-է աւե­լի մշա­կու­թա­յին կեդ­րոննե­րու մէջ։ Եր­կինքէն ին­կած նուէր. բնաւ սո­վոր չենք նման գե­ղարուես­տա­կան մթնո­լորտ մը ապ­րե­լու ու վա­յելե­լու, նոյ­նիսկ՝ Երե­ւանի մէջ։

«Շա­բաթա­վերջ մը արե­ւելեան կողմն աշ­խարհի» փա­ռատօ­նի ճոխ ծրագ­րա­ւորու­մը կը պար­տինք մաս­նա­գիտա­ցած ու նուիրեալ կազ­մա­կեր­պիչ յանձնա­խումբի մը։ Հա­կառակ ըն­կա­լեալ կար­ծիքնե­րու՝ կա­ռավա­րական նա­խաձեռ­նութիւն չէ, այլ՝ ան­հա­տական, որուն հա­մահիմ­նա­դիրն է Վե­րա Մի­խալսքի-Հոֆ­ման, տաս­նեակ մը հրա­տա­րակ­չա­տու­նե­րու տէր, որ յա­տուկ ու­շադրու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ արե­ւելեան Եւ­րո­պայի գրա­կան ու գեղարուես­տական աս­պա­րէզներուն՝ ի յի­շա­տակ իր ող­բա­ցեալ ամուսնոյն՝ ծա­գու­մով լեհ Իան Մի­խալսքիի։

Երե­ւանի մէջ պար­բե­րաբար կը կազ­մա­կեր­պուին ֆրան­սա­կան, գեր­մա­նական, ամե­րիկեան մշա­կոյ­թի օրեր, տեղ­ւոյն դես­պա­նատու­նե­րու նա­խաձեռ­նութեամբ եւ գան­ձատրու­մով։ Փա­րիզի «Շա­բաթա­վերջ մը արե­ւելեան կողմն աշ­խարհի» փա­ռատօ­նի անակնկա­լը մեծ էր ու խան­դա­վառող, մա­՛նաւանդ պա­տե­րազ­մի սպառ­նա­լիքի տակ ապ­րող ժո­ղովուրդի մը հա­մար։ Փա­րաճա­նովի, Փե­լեշեանի, Ազ­նա­ւորի եւ այլ ճանչցուած արուես­տա­գէտ­նե­րու եր­կե­րու կող­քին նո­րերու գոր­ծե­րուն յայտնա­բերու­մը Հա­յաս­տա­նի երի­տասար­դութեան կեն­սունա­կու­թեան դրսե­ւորումն է, ապա­գայի հան­դէպ անոր վստա­հութեան ար­տայայտութիւնը։­

Ժ.Չ. ■