Search
Close this search box.

Անահիտ աստուածուհիի արձանէն պահպանուած պրոնզեայ գլուխն ու ձեռքը հանդիսաւորութեամբ փոխադրուած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարան

Սեպտեմբեր 16-ին, Բրիտանական թանգարանէն Հայաստանի Պատմութեան թանգարան հասած են Ք․ա․ II-I դարերուն վերագրուող Անահիտ աստուածուհիի արձանէն պահպանուած պրոնզեայ գլուխն ու ձեռքը:

Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կը կատարուի «Մայր աստուածութիւն․ Անահիտից Մարիամ» խորագրով մեծածաւալ միջազգային ցուցահանդէսին, ուր պիտի ցուցադրուին նաեւ Անահիտ աստուածուհիի արձանէն պահպանուած մասունքները։ Նշեալ ցուցանմուշը Հայաստան փոխադրուած է վեց ամսուան առժամեայ ցուցադրութեան համար։

Թանգարանի մուտքին մօտ սոյն ցուցանմուշի փոխադրութեան արարողութեան ներկայ եղած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան Ճոն Կալակըր եւ Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան։