Search
Close this search box.

ԱՆԳԱՐԱ – Էրտողան. «Խաղաղութեան պայմանագիրը նոր յոյսի աղբիւր կը դառնայ աշխարհի եւ տարածաշրջանին համար

 Փետրուար 19-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Անգարայի մէջ Ազերպայճանի իր պաշտոնակցին հետ բանակցություններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուելիք պայմանագիրը, անկասկած, խաղաղութեան ու նոր յոյսի աղբիւր կը դառնայ աշխարհի եւ տարածաշրջանին համար։

Ըստ անոր՝ «Ղարաբաղի բռնագրաւման աւարտը յոյսի ճամբայ բացած է՝ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար»։

“Կարեւոր է չփակել այդ պատմական պատուհանը”,– ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ Թուրքիա միշտ պիտի ըլլայ Ազերպայճանի կողքին։

Էրտողան-Ալիեւ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են նաեւ ռազմական արդիւնաբերութեան վերաբերող հարցեր։

“Այսօր, ի հարկէ, նոր կարելիութիւններ ստեղծուած են ռազմական արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ։ Մենք միասնական արտադրութեան հետ կապուած ծրագրեր ունինք”,– յայտարարած է Ազերպայճանի նախագահը՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելու։

Նշենք, թէ Ալիեւ՝ Թուրքիոյ նախագահին հրաւէրով Փետրուար 18-ին պաշտօնական այցելութեամբ հասած է Անգարա։