ԱՆԳԱՐԱ – Էրտողան.– «Հարաւային Կովկասի մէջ նոր ժամանակաշրջան սկսած է»

Օգոստոս 8-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ելոյթ ունեցած է Անգարայի մէջ տեղի ունեցող Դեսպաններու 13-րդ համաժողովին, եւ անդրադարձած նաեւ 44-օրեայ պատերազմին ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Թուրքիոյ նախագահին համաձայն «Ազերպայճանի՝ բռնագրաւուած հողերը վերադարձնելու գործընթացը» ցոյց տուաւ, որ առանց գետնի վրայ ուժեղ ըլլալու՝ սեղանի վրայ ձեռքբերումներ ունենալը դժուար է:

Ըստ Էրտողանի՝ կայացած համաձայնութիւններով Հարաւային Կովկասի մէջ նոր ժամանակաշրջան սկսած է, եւ իրենք ալ մեծ ջանք կը գործադրեն, որ այդ պատմական առիթը չփախցնեն:

“Ցարդ Ազերպայճանի հետ սերտ խորհրդակցութիւններ ունենալով՝ շարք մը քայլեր առինք: Հակառակ հայկական արմատական շրջանակներու գրգռութիւններուն՝ կարեւոր ճամբայ կտրեցինք Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան ճամբուն վրայ:

Հայաստանի հետ յատուկ բանագնացներու միջոցով մեր սկսած բանակցութիւնները կը շարունակուին: Վարչապետ Փաշինեանի՝ «Քուրպան պայրամը»-ի առիթով հեռաձայնին՝ շատ շինիչ խօսակցութիւն ունեցանք: Կը հաւատամ, որ Հայաստանի՝ զարգացումները ճիշդ ընկալելու, Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ անկեղծ կոչերուն պատասխանելու պարագային, մեր տարածաշրջանին մէջ կարճ ժամանակի ընթացքին կայունութիւն կը հաստատուի”,– ըսած է Էրտողան: