Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու Յունիս 9-ին Անգարայի մէջ ընդունած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. արք. Մաշալեանն ու Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեանը։
Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած գործընթացին՝ Չաւուշօղլու հիւրերուն յայտնած է, թէ կը փափաքի, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները դառնան բնականոն։ Այդ առումով ան շեշտած է, որ կրօնական գործիչները յաճախ քաղաքագէտներէ աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենան հանրային կարծիքին վրայ՝ երկու ժողովուրդներու բարեկեցութեան համար տարուող աշխատանքներուն մէջ։
Նախարարը հետաքրքրուած է համայնքային ընտրութիւններու հարցով. Սահակ պատրիարք յայտնած է, թէ կանոնագրութեան պատրաստութիւնը վերջին փուլին է, եւ կը յուսայ որ ան յառաջիկային կը հրապարակուի։
Սահակ պատրիարք եւ Խաժակ արքեպիսկոպոս տեղեկացուցած են, որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին կը փափաքին մասնաւորապէս ուխտագնացութիւն կազմակերպել դէպի Հռոմկլա եւ մերձակայ վայրերը (Կիլիկեան Հայաստան)։ Չաւուշօղլու այս աշխատանքին օգնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։