Անդրանիկ Քոչարեան
Սեպտեմբեր 29-ին, Aravot.am-ի հետ զրոյցին, խօսելով Արցախի նախագահի ստորագրած հրամանագրի մասին, Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան յայտարարած է, որ եթէ Սամուէլ Շահրամանեան անձնասպան ըլլար, աւելի ճիշդ ըրած կ՚ըլլար։
Այս աղմկարար յայտարարութեան հակազդած է Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան երեսփոխան Տիգրան Աբրահամեան։
Տիգրան Աբրահամեան
«Իսկ Անդրանիկ Քոչարեան համարձակութիւն ունեցե՞ր է իր խմբապետին նման առաջարկ ընելու, երբ վերջինս յայտարարեց Արցախը յանձնելու իր մտադրութեան մասին եւ իրագործեց զայն:
Անդրանիկ Քոչարեան այդքան համարձակութիւն ունէ՞ր անձնասպանութեան մղելու իր այն խմբակիցները, որոնք Արցախի ապագան կը տեսնէին Ազերպայճանի կազմին մէջ եւ ամէն ինչ ըրին ատոր համար:
Ի վերջոյ իբրեւ իշխանութեան առանցքային անդամ` Անդրանիկ Քոչարեան ի՛նչ կը պատրաստուի ընելու ինքզինքին՝ անցնող հինգ տարիներուն հայ ժողովուրդին անվերջ պարտութիւններ բերած, հազարաւոր զոհեր պատճառած եւ սեփական ժողովուրդի նկատմամբ թշնամութիւն սերմանած ըլլալուն համար»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։