Search
Close this search box.

ԱՆԹԻԼԻԱՍ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կատարուեցաւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւն

 

Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ հայ եկեղեցին վերանորոգող եւ մարդ անհատի հոգին մաքրող արարողութիւնը` սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը, որ, աւանդութեան համաձայն, տեղի կ’ունենայ եօթը տարին անգամ մը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան անթիլիասական շրջանի տասներորդ միւռոնօրհնութիւնն է, որ կատարուեցաւ: Աշխարհի չորս անկիւններէն հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ եկած էին մասնակից դառնալու եւ դիտելու, թէ ինչպէ՛ս Կիլիկիոյ Ս. աթոռի սրբազնագոյն Արամ Ա. կաթողիկոսը` Գրիգոր Լուսաւորիչէն Սիս հասած սրբալոյս միւռոնը Անթիլիասի նոր սուրբ միւռոնին մէջ կը հեղու:

Արդարեւ, Ուրբաթ, Յուլիս 1-ին, Արամ Ա. վեհափառը` եպիսկոպոսապետի հանդերձաւորումով, դուրս եկաւ վեհարանէն գլխաւորելու եւ նախագահելու սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան հայրապետական շքերթն ու արարողութիւնը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը պահպանող պատմական արկղը շալկող երկու հոգեւորականներ, Ս. Էջմիածնի միւռոնը, հին միւռոնը, բալասանը եւ վարդի իւղը բռնող եպիսկոպոսներ եւ միաբան հայրեր` հանդիսաւոր թափօր կազմած, հասան մայր տաճարի մուտքին եւ բարձրացան Ս. խորան:

Բազմահազար ուխտաւորներ արդէն օրեր առաջ սկսած էին հասնիլ Անթիլիասի մայրավանք` Հայաստանէն եւ սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Ուխտաւորներու ներկայութեամբ առաւել եւս գեղեցկացած էր Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակը: Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութիւնը կը հաստատէր մեր ժողովուրդի ամուր կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր հաւատքի առաքելութեան նկատմամբ:

Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու շարքին, սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Մուշեղ եպս. Պապայեան եւ Վրթանէս եպիսկ. Աբրահամեան (Արցախի թեմի առաջնորդ), իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութենէն` Արամ արք. Աթէշեան:

Սրբազան արարողութեան ներկայ եւ աղօթակից էին զանազան եկեղեցիներու` Ասորի եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. պատրիարքը, Փրանկիսկոս պապին անձնական ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Ղպտի ուղղափառ, Մարոնի, Յոյն ուղղափառ, Յոյն կաթողիկէ, Ասորի կաթողիկէ, Հայ կաթողիկէ, Քաղդէացի, Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալ ուխտաւորներ: Զանազան եկեղեցիներու պետերը, որոնք չկրցան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչներու միջոցով ներկայ գտնուիլ արարողութեան, շնորհաւորական նամակներ յղեցին Վեհափառին:

Միւռոնօրհնութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան: Հայրապետական ամպհովանին բռնելու պատիւը տրուեցաւ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, Կարօ Էշկիեանի, Յովսէփ Աւետեանի, Զաւէն Կէօնճեանի, Գրիգոր Մահսէրէճեանի, Վարդան Նարինեանի, Վարդգէս Մահտեսեանի եւ Հրաչ Յակոբեանի: Վեհափառ հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու շրջակայից թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպիսկ. Սարգիսեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպիսկ. Տօնոյեան:

Միւռոնօրհնէքի արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Արարողութիւնը ընթացաւ աստուածաշնչական եւ աղօթքներու ընթերցումներով` վեհափառ հայրապետին ու մասնակից եպիսկոպոսներու կողմէ, աղերսելով աստուածային օրհնութիւն ու Ս. Հոգիին ներգործութիւն: Հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ սրբալոյս միւռոնի պատմական կաթսային կափարիչը եւ, արարողապետ Մակար եպիսկ. Աշգարեանի հրաւէրով, եպիսկոպոսներ հերթաբար վեհափառ հայրապետին յանձնեցին անուշաբոյր վարդի իւղն ու բալասանը, որ յատուկ աղօթքներու ընթերցումով Արամ Ա. կաթողիկոս խառնեց նոր միւռոնին: Ապա, ան նոր միւռոնին խառնեց Ս. Էջմիածնի միւռոնը` ի նշան հայ եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան: Եւ, վերջապէս, միւռոնաթափ աղաւնիին ընդմէջէն վեհափառը հեղուց եռամեծար հայրապետներուն ձեռքով պատրաստուած հին միւռոնը: Աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոսը հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի Աջով օրհնեց միւռոնն ու ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը:

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Մուշեղ եպիսկ. Պապայեանը: Ան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հաղորդեց եղբայրական ողջոյնները, իսկ ներկայ հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին` հայրապետական օրհնութիւններն ու սէրը:

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, սրբազնագոյն հայրապետը բազմահազար ներկայ հաւատացեալներուն եւ արբանեակային ուղղակի հեռարձակումի ճամբով աշխարհի չորս ծագերուն մեր ժողովուրդի զաւակներուն յղեց իր հայրապետական հոգեշունչ պատգամը:

Խօսելով Ս. միւռոնին մասին` ան ըսաւ. “Սոսկ ծիսական արարողութիւն մը չէ միւռոնի օրհնութիւնը: Ան Աստուծոյ էջքն է երկիր ու մարդուն բարձրացումը երկինք: Աստուծոյ ու մարդու հաղորդութեան խորախորհուրդ պահն է միւռոնի օրհնութիւնը` Սուրբ Հոգւոյ երկնառաք շնորհներու ներգործութեամբ: Մեր ազգին հոգեւոր պայծառակերպումի ու ազգային վերանորոգման պահն է միւռոնի օրհնութիւնը` մեր հոգեւոր ու ազգային աւանդութիւններու, արժէքներու ու ապրումներու միախառնումով: Խոր է իմաստը եւ հրաշազան խորհուրդը հայու սրբալոյս միւռոնին: Աստուծոյ ստեղծագործութեան բարիքները կան միւռոնին մէջ` ձէթի կողքին աւելի քան քառասուն ծաղիկներու եւ հունտերու ներդաշնակ միաձուլումով: Իր նիւթեղէն գոյութենէն անդին` երկնային սրբութեան ցօղն է միւռոնը մեր մեղապարտ կեանքին վրայ ու երկնային լոյսին ճառագայթը մեր խաւար երկինքին վերեւ”:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը շարունակելով յայտնեց. “Միւռոնաբոյր այս պահը մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման, մեր ազգային ինքնութեան վերահաստատման պահ է ու միաժամանակ` երկնային հրաւէր ազգին միւռոնադրոշմ զաւակներուն.-

“Մնացէ՛ք հաւատարիմ ձեր ճակտին վրայ դրոշմուած սուրբ միւռոնին, անոր խորհուրդին ու հրամայականին: Մնացէ՛ք հաւատարիմ սրբալոյս միւռոնի յաւերժական պատգամին:

“Սրբալոյս միւռոնով մենք միակամ ենք ու հզօր:

“Սրբալոյս միւռոնով Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն են:

“Սրբալոյս միւռոնով մենք դէպի յաղթական ապագայ ընթացող ազգ ենք”:

Իր պատգամի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս աղօթք վերառաքեց ամենակալ Աստուծոյ` խնդրելով Սուրբ Հոգւոյ շնորհները. “Ո՜վ Տէր, թող այս միւռոնը երկնային օրհնութեամբ շաղախէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքի օրերը, մեր մտածումներն ու գործերը:  Թող այս միւռոնը սրբութիւն ցօղէ տեսանելի ու անտեսանելի մեղքերով լեցուն մեր կեանքին վրայ: Թող այս միւռոնի օծումով` մեր մանուկներուն կեանքը Սուրբ Հոգւոյն շնորհներով ծաղկի, մեր հոգեւոր մշակները կոչումի խոր գիտակցութեամբ կատարեն իրենց քրիստոսատուր առաքելութիւնը, մեր եկեղեցիները պայծառանան հաւատացեալներու աղօթքով ու մասնակցութեամբ: Թող այս միւռոնի հպումով հիւանդները բուժուին, չարիքները հեռանան ու չարերը պարտուին: Թող այս միւռոնը լուսաւորէ մեր կեանքի խաւար երկինքը ու մոլոր ճամբաները, սրբէ մեր հոգիները, մաքրէ մեր սրտերն ու օրհնէ մեր կեանքը:  Թող այս միւռոնը, ո՜վ Տէր, համախմբէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդի զաւակները մէկ ազգի ու հայրենիքի շուրջ` մեր պատմութեան այս վճռադրոշմ հանգրուանին:  Թող այս սրբալոյս միւռոնը դառնայ յաւերժահոս աղբիւր` երկնային բարիքներու, հոգեւոր վերածննդեան, ազգային միասնութեան եւ յաւերժայաղթ Հայութեան”:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Ասորի եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. պատրիարքը, որ դիտել տուաւ, թէ, հակառակ աշխարհին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, քրիստոնեայ եկեղեցիները միասնաբար կը փորձեն դիմակայել ամէն տեսակի դժուարութիւններ: Ան վերյիշեց հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն եւ եկեղեցիներուն ունեցած դարաւոր յարաբերութիւնը` շեշտելով, որ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան այս արարողութիւնը առիթ կ’ընծայէ վերանորոգելու երկու եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական ոգին:

 

Փրանկիսկոս պապին ողջոյնի խօսքը արտասանեց պապական ներկայացուցիչը: Պապը իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան եւ իր աղօթքը միացուց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդին:

Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ հայրապետին պահպանիչ աղօթքով, «Կիլիկիա» քայլերգով եւ «Ի վեհ բարձանց» ու «Կիլիկեան ուխտի» հայրապետական մաղթերգերով:

Վեհարանի մուտքին, Վեհափառ հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Աջով օրհնեց հաւատացեալ ներկայ ժողովուրդը:

Թղթակցութիւնը եւ լուսանկարները՝ «Ազդակ»-ի

***

Միւռոնօրհնէքի տեսանիւթերը տե՛ս. քիչ վարը՝ ՏԵՍԵՐԻԶ բաժնին մէջ։