Կարս գտնուող Անիի Ապուղամրենց Սուրբ Գրիգոր հայկական եկեղեցւոյ պատերը մաքրելու աշխատանքներ սկսած են։ Լուրը կը հաղորդէ Akunq.net, իր տեղեկութիւնը քաղելով թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութենէն։
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Անիի մէջ ծայր առած պեղումներու հետ միաժամանակ կը կատարուին նաեւ պատմական յուշարձանները եւ շրջակայ միջավայրը մաքրելու աշխատանքներ։
Թուրքիոյ մէջ գործող Կովկասի համալսարանի դասախօս Մուհամմետ Արսլան, որու ղեկավարութեամբ կ՚իրականացուին Անիի պեղումները, «Անատոլու»-ի թղթակցին հետ զրոյցին յայտնած է, թէ նշեալ եկեղեցին կառուցուած է 10-րդ դարավերջին։
Ան նաեւ շեշտած է, որ ամէնքը, յատկապէս՝ հասուն մարդիկ պէտք է տէր կանգնին մշակութային արժէքներուն, ընդգծելով պատմական յուշարձաններու պահպանման մասին հասարակութեան մէջ գիտակցութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւնը։
Արսլան աւելցուցած է․ “Կը պահանջենք, որ բոլորը պահպանեն Անիի յուշարձանները, մշակութային հարստութիւնները։ Կը նախազգուշացնենք, որ վնաս չհասցնեն այս պատմական կառոյցներուն։ Անին բոլորինս է։ Անկախ անկէ, թէ ան ո՛ր քաղաքակրթութեան կը պատկանի՝ այս վայրը կը գտնուի ամէնուս պատասխանատւութեան ներքոյ։ Ես բոլորին ուշադիր ըլլալու կոչ կ՚ուղղեմ”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։