Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան X-ի իր հաշիւին գրած է, թէ ազերպայճանական պետական հեռատեսիլէն ցուցադրած են 35 վայրկեաննոց ֆիլմ մը, ուր Հայաստանի ամբողջ ինքնիշխան տարածքը ներկայացուած է իբրեւ Ազերպայճանի տարածք:
«Ինչպէս երեւում է, Հայաստանը “անհետանում է” քարտէզից. սա ոչ այլ ինչ է, քան ակնյայտ քարոզչութիւն եւ հարեւանի ինքնիշխանութեան ուղղուած անթաքոյց սպառնալիք: Հայաստանի շրջանները, մայրաքաղաք Երեւանն ու Սեւանայ լիճը երեւում են ազերպայճանական տեղանուններով: Սա առաջին դէպքը չէ: Կեղծ մատնանշումներով Ադրբեջանը միշտ էլ իր հանրութիւնը հակահայկական տրամադրութիւններով է սնում: Որպէս տարածաշրջանի համար դատապարտելի եւ անընդունելի վարքագիծ` այն պէտք է վճռականօրէն մերժուի բոլորի կողմից ամբողջութեամբ»,– գրած է Բադալեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։