Օգոստոս ամսուն արտաքին հետախուզութեան վերաբերող երկու դէպքեր ուղղակի եւ անուղղակի կապ ունէին Հայաստանի անվտանգութեան հետ։ Առաջինը՝ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ Պերլինի պատի քանդուելէն ի վեր 26 բանտարկեալներու փոխանակումն էր, եօթը երկիրներու միջեւ որ կատարուեցաւ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ Օգոստոս 2-ին։ Այս փոխանակումին՝ ռուս բանտարկեալներու շարքին էր լրագրող Փապլօ Կոնսալես, որ իբր ռուս լրտես (բուն անունը՝ Բաւէլ Ռուպցով) յանձնուեցաւ ռուսական կողմին։ Ռուպցով՝ 2012-էն ի վեր Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ազատ ելեւմուտ ունեցած է իշխանութեանց բարձրագոյն շրջանակներէն ներս, մինչեւ իսկ 2020-ի պատերազմի ընթացքին իբրեւ անկախ լրագրող Արցախի ռազմաճակատ ազատ մուտք ունեցած է, մինչեւ իսկ հարցազրոյց կատարած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ ներկայանալով որպէս սպանական EFE լրատու գործակալութեան թղթակից։ Ուքրաինայի պատերազմի ընթացքին լեհական հետախուզութիւնը զինք ձերբակալած է իբրեւ ռուս լրտես։
Երկրորդ դէպքը կը վերաբերի Թելեկրամ համացանցային ալիքի հիմնադիր Բաւէլ Տուրովի, որ Փութինի Պաքու պետական այցի ընթացքին ինք եւս կը գտնուէր Ազերպայճանի մայրաքաղաքը։ Ըստ կարգ մը շշուկներու, Փութինի եւ Տուրովի միջեւ հանդիպում մը նախատեսուած է։ Ծագումով ռուս, սակայն ֆրանսահպատակ դարձած Տուրով, ունէր նաեւ Արաբական միացեալ էմիրութիւններու հպատակութիւն։ Պաքուէն Փարիզ վերադարձի ճամբուն կը ձերբակալուի Ֆրանսայի սահմանապահներուն կողմէ, եռօրեայ կալանքի կ՚ենթարկուի։ Կը մեղադրուի, ազատ կ՚արձակուի միլիոն եւրոյի գրաւի դիմաց։ Հետաքննութիւնը կը կատարէ Թուային յանցագործութեան դէմ պայքարի գործակալութիւնը (C3N) եւ Խարդախութեան դէմ պայքարի ազգային գրասենեակը (Onaf)։
Երկու դէպքերն ալ կ՚առնչուին Ռուսաստանի, որու հետ Հայաստան ունի ռազմավարական գործակցութեան դաշինքներ, թէ՛ երկրէ երկիր, թէ՛ ալ ՀԱՊԿ ռազմական դաշինքէն ներս։ 2020-ի պատերազմին, հայկական հետախուզութիւնը որ ուղղակի կապուած էր ռուսականին, չկրցաւ նախատեսել Սեպտեմբեր 27-ի ազերական յարձակումը։ Ռուսականն ալ բնաւ չօգնեց հայկականին, կամ ինք ալ անկարող եղաւ գուշակելու։ Հայկական կողմի կորուստներու 50 տոկոսին պատերազմի առաջին ժամերուն պատահած ըլլալու հանգամանքը ցոյց կու տայ հետախուզական ծառայութեան կարեւորութիւնը երկրի անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէն։
2020-ի պատերազմի պարագային, Ռուսաստանի հետախուզութեան դերակատարութիւնը տակաւին ամբողջովին չէ բացայայտուած։ Բազմատեսակ շշուկներ կը շրջին՝ ի վնաս հայկական ուժերու անոր ծաւալած գործունէութեան մասին։ Յետպատերազմական շրջանին, ներկայ ռուսական խաղաղապահ ուժերու ժխտական դերակատարութիւնը աւելի կը զօրացնէ ռուսական հետախուզութեան՝ ի նպաստ ազերիներուն դիրքորոշման վարկածը։
Այս խնդիրները պատճառ դարձան որ Հայաստանի կառավարութիւնը խստօրէն վերակազմակերպէ երկրի Անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ Դեկտեմբեր 2022-ին ստեղծէ Հետախուզութեան յատուկ կառոյց մը, անկախ՝ Հայաստանի ԱԱԾ-էն (Անվտանգութեան ազգային ծառայութիւն – նախկին KGB), որուն առաջին պետ նշանակուեցաւ Քրիստինէ Գրիգորեան, որ 2022-ի սկիզբը, տարի մը, Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանի պաշտօնը վարած էր։
Հայաստանի կառավարութեան՝ Զուարթնոց օդակայանէն եւ Ազերպայճանի սահմաններէն ռուս սահմանապահներու մեկնումի պահանջին գլխաւոր պատճառներէն մէկն է նաեւ հայկական հետախուզութեան անկախութիւնը ամրապնդելու նպատակը։
Ռուսականէն անջատուելու զուգահեռ, կառուցելու համար ամուր, վստահելի նոր հետախուզական կառոյց մը, Հայաստան կը գործակցի արեւմտեան երկիրներու հետախուզական մարմիններուն հետ, մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ-ու, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ ազգային անվտանգութեան գործակալութիւններուն հետ, որոնց տնօրէններու վերջին շրջանի այցերը Երեւան աննկատ չանցան։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։