Search
Close this search box.

Անհրաժեշտ լուսաբանութիւն մը

Ցաւով՝ նոր տե­ղեկա­ցայ գրու­թեան մը մա­սին, որ ան­կասկած քա­նի մը օրէ ի վեր կը շրջի «Կայ­ծակ. ար­ձա­գան­գը խղճի ձայ­նի» վեր­նագրով կայ­քին վրայ։ Ան, ծայ­րա­յեղ գռե­հիկ կեր­պով կը վի­րաւո­րէ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը եւ անոր ընդմէ­ջէն մեր ամ­բողջ Եկե­ղեցին։ Հայ եկե­ղեց­ւոյ իմ նման հա­ւատա­ցեալն ու ծա­ռան չի կրնար ըն­դունիլ նման բան։

Խնդրոյ առար­կայ գրու­թեան հե­ղինա­կը,– հա­ւանա­բար նախ­կին հո­գեւո­րական մը,– առանց իմ հա­մաձայ­նութեան օգ­տա­գոր­ծած է իմ մէկ յօ­դուա­ծը, որ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ Փա­րիզի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թին մէջ։ Հոն, ես կը դա­տապար­տէի դա­ւադ­րութիւ­նը,– որուն ակա­նատեսն ենք բո­լորս,– Մոս­կո­ւայի ներ­կա­յի պատ­րիար­քին եւ Ազեր­պայճա­նի մահ­մե­տական­նե­րու հո­գեւոր առաջ­նորդին մի­ջեւ։

Հա­կառակ մա­մու­լին մէջ ըն­կա­լեալ բա­րոյա­գիտա­կան կա­նոն­նե­րուն՝ այդ գրու­թեան հե­ղինա­կը չի մէջ­բե­րեր «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի անու­նը՝ այդպէ­սով են­թադրել կամ կար­ծել տա­լով, որ իմ յօ­դուա­ծը գրո­ւած ըլ­լար իր կայ­քին հա­մար։

Ռուս եկե­ղեցին, ցա­ւօք, միակը չէ մեր քոյր եկե­ղեցի­ներէն, որոնք կը հա­մագոր­ծակցին ազեր­պայճա­նական իշ­խա­նու­թեան հետ։ Որ­պէս քրիս­տո­նեայ՝ ան­ձամբ խոր ցաւ կը զգամ։ Նոյն թեր­թին՝ «Նոր Յա­ռաջ»-ի սիւ­նակնե­րուն մէջ («ՆՅ» – Ի մաս­նա­ւորի թեր­թիս ֆրան­սե­րէն տար­բե­րակին մէջ) ես քա­նի մը ան­գամ դա­տապար­տած եմ նաեւ Հռո­մի կա­թոլիկ եկե­ղեց­ւոյ եւ Ասո­րի ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ նման վե­րաբե­րու­մը։

Այս հար­ցին նո­ւիրո­ւած յօ­դուա­ծիս մէջ ես նաեւ կը հար­ցապնդէի հայ երեք Եկե­ղեցի­ներու՝ առա­քելա­կան, կա­թոլիկ եւ աւե­տարա­նական առաջ­նորդնե­րը՝ այս կրկնո­ւող խնդրի բուժման վե­րաբե­րեալ: Բո­լորո­վին վեր­ջերս ես ար­ծարծե­ցի նաեւ Ասո­րի եկե­ղեց­ւոյ նմա­նատիպ վե­րաբե­րու­մը մեր եպիս­կո­պոս­նե­րէն մէ­կուն հետ: Վեր­ջինս ին­ծի ըսաւ, որ տե­ղեկու­թիւնը ան­մի­ջապէս պի­տի հա­ղոր­դէ Վե­հափառ հայ­րա­պետին։

Վար­շա­ւայի մէջ Լե­հաս­տա­նի կա­թոլիկ եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ Ար­ցա­խի հայ­կա­կան ժա­ռան­գութեան վե­րաբե­րեալ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սը կը վկա­յէ, որ մենք ձեռ­նա­ծալ չենք նստած։ Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կու գայ պա­տաս­խա­նելու մէկ այլ ցու­ցա­հան­դէ­սի, որ նա­խապէս կազ­մա­կեր­պո­ւած էր այդ նոյն երկրին՝ Լե­հաս­տա­նի մէջ, Ազեր­պայճա­նի դես­պա­նատան նա­խաձեռ­նութեամբ՝ Կա­թոլիկ եկե­ղեց­ւոյ հետ հա­մագոր­ծակցու­թեամբ։ Հոն, Ար­ցա­խի եկե­ղեցի­ները ներ­կա­յացո­ւած էին որ­պէս աղո­ւանա­կան ժա­ռան­գութեան յու­շարձան­ներ։

Հե­տեւա­բար, այս պա­րոնի մտադ­րութիւ­նը ակնյայ­տօ­րէն կը կա­յանայ առա­ւելա­բար անձնա­կան հա­շիւ­ներ մաք­րե­լու ցան­կութեան մէջ, քան այս կամ այն Եկե­ղեց­ւոյ վե­րաբե­րու­մը դա­տապար­տե­լու:

Ան­գամ մը եւս, ըստ մեր «գէշ սո­վորու­թիւններ»-ուն՝ ան կը նա­խընտրէ յար­ձա­կիլ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թեան մը ու ան­ձի մը վրայ, տո­ւեալ պա­րագա­յին՝ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսին վրայ, քան Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղովուրդի հա­կառա­կորդնե­րուն։

Որ­պէս եզ­րա­կացու­թիւն,– քա­նի որ այս պա­րոնը մտա­դիր է դա­սեր տալ բո­լորին,– կ՚ու­զեմ յի­շեց­նել իրեն, որ նման յար­ձա­կումներ եւ նման բա­ռապա­շար վա­յել չեն մէ­կուն, որ հա­ւանա­բար ալ ստացած է սրբա­զան Միւ­ռո­նի օրհնութիւնը։

Ուստի իր­մէ կը խնդրեմ ան­յա­պաղ ջնջել իմ յօ­դուա­ծը իր կայ­քէն:

Իւ­րա­քան­չիւր անձ պէտք է պա­տաս­խա­նատու ըլլայ իր արարքնե­րուն ու գրած­ներուն։

ՍԱՀԱԿ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ■