Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն Լոռանս Փեթէլ X-ի իր հաշիւին գրառումով անդրադարձած է ֆրանսացի դիւանագէտները «անբաղձալի անձ» հռչակելու Պաքուի քայլին։
«Ակնյայտ է, որ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին, որու ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակած են, հաճելի չէ Ալիեւին։ Բռնապետերը, բացի կազ վաճառելէ, երբեք չեն սիրեր ժողովրդավարութիւնը։ Ֆրանսա ազերպայճանական կազ չի գներ եւ կ՚օգնէ Հայաստանին պաշտպանուելու։ Եւ սա մեր հպարտութիւնն է»,– ընդգծած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։