Ապրիլ 5-ին Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած Պլինքըն – Վոն տեր Լեյէն – Փաշինեան հանդիպումին՝ Հայաստանի տնտեսական կայունութեան համար օգնութեան սպասումները չիրականացան, միլիառներ չտեղացին։ Առաւելաբար, ի նպաստ Հայաստանի արեւմտեան զօրակցութեան յայտարարութիւններ եղան եւ քիչ մըն ալ տնտեսական օգնութիւն։ Թէեւ յաճախ հանրային յայտարարութիւնները ամբողջովին չեն
բացայայտեր վարագոյրի ետին կայացած համաձայնութիւնները։ Յամենայն դէպս, դատելով Փաշինեանի յայտարարութենէն,– որ հանդիպումը որակեց «գերազանց»,– ծրարը կրնայ այլ դրոյթներ պարունակել։
Ամէն պարագայի, մէկ բան յստակ է՝ Հայաստանի ժողովրդավարութեան բռնած ուղին, խաղաղութեան հասնելու անոր հաստատակամութիւնը կը պահանջեն ռազմական եւ տնտեսական մեծ ներդրումներ եւ հետեւողական քաղաքականութիւն։ Կառավարութեան պաշտպանած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը արեւմտեան գործընկերներու հաւանութիւնը կը վայելէ։ Այս հեռանկարը, ըստ երեւոյթին, ամէնէն նեղացուցիչ կէտն է Հայաստանի հարեւան երկիրներէն մասնաւորապէս գոնէ երկուքին՝ Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի համար, որոնք 2020 Նոյեմբեր 9-էն ի վեր կը ձգտին Հայաստանին պարտադրելու Սիւնիքի միջանցքը, ռուս սահմանապահ զօրքերու վերահսկողութեան ներքոյ, որուն ձախողութեան մատնուիլը կը խանգարէ Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի ռազմավարական հաշիւները հարաւային Կովկասի մէջ։
Ալիեւ, շատ կոշտ արձագանգեց Ապրիլ 5-ի հանդիպումին. «Պրիւսէլի հանդիպումը բաժանարար գիծեր կը ստեղծէ եւ կը միտի մեկուսացնել Ազերպայճանը»։ Հակառակ անոր որ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Վոն տեր Լեյէն նախապէս հեռաձայնային կապ հաստատած էին Ալիեւի հետ, վստահեցնելու որ Պրիւսէլի եռակողմ հանդիպումը Ազերպայճանի դէմ չէ ուղղուած։
Ինչո՞ւ Ալիեւի այս մտահոգ ու լարուած արտայայտութիւնը։ Յաճախ Հայաստանի ապագայի մասին աղէտալի գուշակումներ կ՚ըլլան։ Իսկ Ալիեւի ապագա՞ն։ Ի՞նչ կը մատնեն Ազերպայճանի սահմանային կրակոցները։ Անոր երեք ռազմավարական գործընկերները՝ Թուրքիա, Իսրայէլ, Ռուսաստան ներքին տագնապի կամ երկարատեւ պատերազմի մէջ են, որոնց արդիւնքը անգուշակելի է։ Իսկ Իրանի հետ յարաբերութիւնները կրնան լարուիլ ու բարդանալ, Սուրիոյ մէջ անոր հիւպատոսարանին վրայ Իսրայէլի գործած յարձակումէն ետք, որ պատճառ դարձաւ իրանցի բազմաթիւ բարձրաստիճան զինուորականներու մահուան։ Ռուսաստանի հետ նոյնպէս, հանրային քննարկումի նիւթ դարձած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահները ականազերծման գործին լծելու նախաձեռնութիւնը, որ ձեւով մը մինչեւ 2025 զանոնք հոն պահելու եւ անոնց ներկայութենէն օգուտ քաղելու հնարք մըն է, որ կը գոհացնէ թէ՛ ռուսերը թէ՛ ալ ազերիները։ Սակայն, ժամանակաւոր լուծում մըն է սա, խաղաղապահներուն Արցախ մնալու գլխաւոր դրդապատճառը ըլլալով Սիւնիքի միջանցքը Հայաստանին պարտադրելը։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, Էրտողանի դիրքերը եւս թուլցած են։ Երկրին քաղաքապետական ընտրութիւնները կորսնցնելով, տնտեսական տագնապ ապրելով, Կազայի յարձակումին պատճառով Իսրայէլի հետ թշնամանալով եւ ԱՄՆ-էն F-16 ռազմական օդանաւերու գործարքը յաջողեցնելու հրամայականին ենթակայ ըլլալով, Էրտողան հեռու է անցեալի յանդուգն հռետորաբանութեամբ ասպարէզ կարդալէ։
Վերջապէս Ապրիլ 5-ը կարեւոր է Հայաստանի համար, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով ԱՄՆ եւ Եւրոպա քով-քովի եկած զօրակցութիւն կը յայտնէին Հայաստանի վարած քաղաքականութեան։ Ռուսաստան եւս չուշացաւ հակազդելու, զգուշացնելով Հայաստանը չտարուելու արեւմտեան կեղծ խոստումներէ։ Սակայն, Հայաստանի իշխանութիւններուն, արեւմտեան նեցուկ ապահովելով՝ ժողովրդավար արժէքներու փարումը անդառնալի կը թուի հաւասարակշռելու համար Ռուսաստանի քմայքոտ ու վնասակար ռազմավարութիւնը։ Արեւմուտքի շնորհիւ Հայաստան կը հասնին արդիական զէնքեր, կանխելու համար ազերական նոր յարձակումներու սպառնալիքը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։