«Առանց թուրքի հայաստան» – 2

– Թշնամիէդ դաս կ՚առնուի՞ ծօ՛, բարոյապէս մեղք չէ՞։ Ան ալ ի՛նչ թշնամի՝ թո՛ւրք, թո՛ւրք, ցեղասպա՛ն թուրք։ Հրեաներէն օրինակ վերցո՛ւր, ոեւէ հրեայ բարոյապէս ինքզինքին պիտի թոյլատրէ՞ր գերմաններէն դաս առնելը։ Հետեւաբար եւ առաւել եւս հայը ինչպէ՞ս իր պատիւին պիտի կերցնէ թուրքէն դասեր քաղել։ «Պայրաքթար» շինած թուրքէն դաս կ՚առնուի՞… է՜՜՜, ի՞նչ մնաց հայու արժանապատւութենէդ, անանկ է նէ, գնա՛ ցեղասպանութեան դասեր ալ քաղէ՛, ամէն ինչ թուրքերէն ընդօրինակէ. ոճիրի ուրացո՜ւմ, պատմութեան խեղաթիւրո՜ւմ, այնքան ազգայնամոլ եղի՛ր, որքան եղած են եւ Թալէաթէն մինչեւ Քեմալ… փանթրքական ծրագրի հետեւորդ ալ եղի՛ր, «Գորշ գայլեր»-ու նշանը ընող նախարարը պաշտպանէ, ընդդէմ խաղաղ հայ ցուցարարներուն։ … Տակաւին, մի՞թէ թուրքին կարելի կ՚ըլլար «Պայրաքթար» շինել, «երկիր բանակ կառուցել» առանց Ցեղասպանութեան, առանց Արեւմտահայաստանի հայաթափումին, առանց Ոճիրի ուրացման…

Այս արտայայտութիւնները Յակոբ Պարոնեանէն չեն, ոչ ալ Օտեանէն կամ Լեռ Կամսարէն, այլ՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանէն։ Այդ ալ ըսեմ՝ նոր երգիծագիր մը չէ, այլ՝ Միջազգային յարաբերութիւններու արժանթինահայ դասախօս, որ հակազդելով 12 Մայիս 2022-ին Նոր Յառաջի մէջ (թիւ 1736), վարի ստորագրութեամբ, «Առանց թուրքի Հայաստան» խորագիրը կրող խմբագրականին, Մոնրէալի Հորիզոն թերթի Յունիս 8-ի թիւին մէջ ստորագրած է «“Պայրաքթար” շինող թուրքէն դասեր քաղելու հրաւէրին միւս երեսը» խորագիրը կրող գրութիւնը (տես. էջ 5)։

Իսկ ինչո՞ւ կարելի չէ թշնամիէն դասեր քաղել. ո՞ր քաղաքագիտութեան, դիւանագիտութեան, բարոյագիտութեան կանոններէն մեկնած՝ նման պատուիրան մը տրուած է ի վերուստ։ Ընդհակառակն, թերեւս ալ դասեր քաղելու առաջին աղբիւրը պէտք է ըլլայ թշնամին, անոր ուժերը չթերագնահատելով, անձնական ուժը չգերագնահատելով։ Եւ, արդարացնելու համար դիրքորոշում մը՝ դիմել յաջողակ ազգի մը օրինակին, որու մտաւորական դասը շատ ուշադիր կը զանազանէ «գերման ազգ»-ն ու «նացիական վարչակարգ»-ը։ Նաեւ ո՞վ ըսաւ որ հրեաները նացիներէն դասեր չեն քաղած։ Անոնց ստեղծած թինք-թանքերը, տեղեկատուական ու քարոզչական մեքենան, իւրաքանչիւր հակասեմական, ֆաշական երեւոյթին հակազդելու, քննադատելու, պայքարելու կարողութիւնը… Դժբախտաբար Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի գրութեան մէջ կան կոպիտ պարզացումներ, որոնք յարիր չեն մտաւորականի քննական մտքին։

«Առանց թուրքի Հայաստան» լոզունգը հանրայնացուցած, «Դիմադրութիւն» դրօշին տակ հաւաքուած քաղաքական ուժերը ցեղապաշտ արտայայտութեամբ ասպարէզ իջած են։ Աններելի դիրքորոշում մը քաղաքական ուժերու համար, որոնք կը յաւակնին իշխանութեան գլուխ գալ եւ Հայաստան պետութիւնը ղեկավարել։ Մա՛նաւանդ, երբ անցեալին այս նոյն քաղաքական ուժերը՝ ՀՅԴ, Քոչարեան, Սարգսեան, իրենց՝ իշխանութեան գլուխ գտնուած օրերուն, օրնիբուն, անդուլ կերպով բանակցած են թուրքերուն հետ, ուզած են սահմանները բանալ, ուզած են դաշինք կնքել։

Բայց «Դիմադրութեան» ամէնէն խնդրայարոյց ու պետականակործան քաղաքական դիրքորոշումը թուրքը թիրախաւորողը չէ, այլ՝ թուրքի կերպարին օգտագործումով ժխտումը Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն ընտրուած խորհրդարանին եւ անոր ձեւաւորած կառավարութեան։ Յարգելի պարոն դասախօս, ո՞ր հրեան պիտի յանդգնէր ժխտել, հակառակիլ ժողովրդավար միջոցներով իշխանութեան հեղինակութիւնը։ Խորհրդարանական ընդդիմութեան գործի դաշտը խորհրդարանին մէջ է եւ ո՛չ փողոցը։ Ժխտելով 54 տոկոս քուէ հաւաքած քաղաքական ուժի ընտրութիւնը, թուրք անուանելով երկրին վարչապետը, կը ժխտեն Սահմանադրութիւնը եւ պետականութեան հիմքերը, մէկ խօսքով երկրին անվտանգութիւնը։ Նոյնքան ալ «թուրք» կը դառնայ վարչապետին ընտրած ժողովուրդը։  Ա՞յս է «Դիմադրութիւն» կոչուած քաղաքական ուժե-րու հետապնդած քաղաքական վարքագիծը։

1920-21-ի նման, այսօր ալ Հայաստան առնուած է ռուս-թրքական աքցանին մէջ։ Պետականութեան պահպանութիւնը, բանակի ամրացումը, ինքնապաշտապանական ուժերու պատրաստութիւնը կը մնան առաջին հրամայականները պետութեան գոյատեւումին։

Վերջին խօսք մըն ալ «Պայրաքթար»-ի մասին։ Տակաւին Խաչիկ Տէր Ղուկասեան լաւ չէ գնահատած «Պայրաքթար»-ին խորհրդանշական իմաստը։ Ան դարձաւ Ուքրաինական պատերազմին Քիեւի՝ ռուսական բանակին կողմէ բռնագրաւումը ձախողեցնող խորհրդանիշ, նոյնպէս խորհրդանիշ դարձաւ Լիպիոյ մէջ, Սուրիոյ մէջ, նոյնը՝ Արցախի մէջ, այս անգամ հայկական ուժերուն դէմ։ Ուքրաինացիները երգ հիւսեցին անոր վրայ։ Անոր պահանջարկը եւ տարածումը այնքան մեծ է, որ վաղը պէտք չէ զարմանալ եթէ միջազգային հանրային կարծիքը թուրք կամ Թուրքիա ըսուի՝ նախ եւ առաջ մտաբերէ ոչ թէ ցեղասպանութիւնը, այլ՝ «ազատագրական պայքար»-ի խորհրդանիշ «Պայրաքթար»-ը։ Եւ այս պարտութիւնը հայ ժողովուրդի, Հայ դատի, պետութեան, Հայաստանի գիտական մտքին մեծագոյն պարտութիւնն է։ 

Եւ դեռ դասեր չքաղե՞լ…

Ժ.Չ. ■