Եւրոպական Միութեան Արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանօ բացատրած է, թէ ինչ կրնայ ենթադրել Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով Հայաստանին կարելի աջակցութիւնը, որու շուրջ քննարկումներու մասին նախապէս յայտարարած էր Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսէփ Պորէլ։
Պրիւսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կ՚ենթադրէ այդ աջակցութիւնը, Սթանօ ըսած է, որ աջակցութեան պարագան կը քննարկուի անդամ երկիրներու կողմէ՝ նկատի առնելով հայ գործընկերներու կարիքներն ու խնդրանքը։
“Կրնայ ըլլալ հրատապ պարագաներու յատուկ առժամեայ հիւանդանոց, պաշտպանական սարքաւորումներու մատակարարում, բայց կրնայ ըլլալ նաեւ համացանցային յարձակումներու, ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարի կարողութիւնները ընդլայնելու միտող քայլերու միջոցով։ Բնագաւառը շատ ընդարձակ է, եւ անդամ պետութիւնները պէտք է որոշում կայացնեն, թէ ի վերջոյ Եւրոպական Միութիւնը ի՛նչ պէտք է ընէ՝ ի պատասխան Հայաստանի սահմանած հրատապ կարիքներուն”,– նշած է Եւրոպական Միութեան դիւանագէտը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։