Search
Close this search box.

Առցանց հրատարակուած է Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ը

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Նայիրի հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց-ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։

«Այս ընդարձակ ու մանրակրկիտ ուղեցոյցը, իր իւրայատուկ մօտեցումով եւ ձեւաչափով կը գոցէ բաց մը, որ երկար տարիներ է ի վեր գոյութիւն ունէր արեւմտահայախօս աշխարհին մէջ»,– կ՚ըսէ Բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեան։

Բժ. Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս Ուղեցոյցը իր բարձր որակով ու լայն տարողութեամբ եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով ու կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս հեղինակը կը նշէ իր յառաջաբանին մէջ։

Իր թուայնացած բնոյթով՝ այս աշխատասիրութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ զարգանալ, բարեփոխուիլ, նորանոր հարցեր ընդգրկել ու միշտ մնալ այժմէական։ Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է ոճաբանութեան բաժինը, որ անվարան կրնայ նկատուիլ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի դաստիարակչական մատեան մը։

Ուղեցոյցէն կրնան օգտուիլ բոլորը՝ աշակերտ թէ ուսուցիչ, գրող թէ խմբագիր, մասնագէտ թէ պարզ ընթերցող՝ դիւրութեամբ որոնելով ու գտնելով իրենց փնտռած լեզուական կամ քերականական տեղեկութիւն, յաճախ նաեւ ծանօթանալով տուեալ գրելաձեւին կամ բառեզրին պատմութեան կամ արմատներուն։

Մեր խորին շնորհակալութիւնը Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանին (ընդհանուր ղեկավար-համադրող), Յարութիւն Քիւրքճեանին (վերստուգող խմբագիր), Վրէժ-Արմէն Արթինեանին (խմբագիր) եւ Սէրուժ Ուրիշեանին («Նայիրի» կայքէջ) իրենց նուիրումին եւ խղճամիտ աշխատանքին համար։

Դժուարին ու խնամեալ էջադրումը կատարուած է Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեանի, իսկ կողքի եւ գեղարուեստական ընդհանուր ձեւաւորումը՝ Նունէ Խիւդավերդեանի կողմէ։

Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար nayiri.com-էն կամ օգտագործել առցանց՝ NAYIRI.COM-էն։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունք