Ասատով.– «Հայաստան ո՛չ երկաթուղիի, ո՛չ ալ կառուղիի առումով որեւէ իրական գործողութեան չէ ձեռնարկած» 

 

Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ՀԱՊ) երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, Ազերպայճանի վարչապետ Ալի Ասատով յայտարարած է, թէ «Հայաստան մէկ տարի ինը ամիսէ ի վեր ո՛չ երկաթուղիի, ո՛չ ալ կառուղիի առումով որեւէ իրական գործողութեան չէ ձեռնարկած»։  Նիստին ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան։

Խօսելով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ եռակողմ յայտարարութիւններու մասին՝ Ասատով պնդած է, թէ ի տարբերութիւն Պաքուի՝ Երեւան իր ստանձնած պարտաւորութիւնները չէ գործադրած։

“Ըստ այդ յայտարարութեան՝ Ազերպայճան պարտաւորութիւն ստանձնած է, որ պիտի գործէ Լաչինի ճանապարհը եւ ինք պիտի երաշխաւորէ անոր անվտանգութիւնը։ Մենք կը կատարենք մեր բոլոր պարտաւորութիւնները”,– ըսած է Ազերպայճանի վարչապետը եւ շարունակած. “Միաժամանակ մենք կարելիութիւն չունինք Ազերպայճանի հիմնական հատուածէն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն մեկնելու։ Ո՛չ միայն կարելիութիւն չունինք, այլեւ չենք տեսներ, որ այս ուղղութեամբ Հայաստանի տարածքին որեւէ քայլ կ՚առնուի”։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հայկական կողմի յայտարարութիւններուն՝ Ասատով կրկնած է Պաքուի պաշտօնական դիրքորոշումը՝ «Ազերպայճանի տարածքին Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի»։

“Կան Ազերպայճանի՝ հայկական ծագումով քաղաքացիներ, եթէ անոնք կը ճանչնան Ազերպայճանի քաղաքացիութիւնը. ինչպէս մեր նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է՝ եթէ անոնք ենթարկուին Ազերպայճանի օրէնքներուն՝ կ՚ունենան բոլոր այն իրաւունքները, որ ունին Ազերպայճանի քաղաքացի հանդիսացող միւս ազգութիւնները”,– յայտարարած է Պաքուի կառավարութեան ղեկավարը։