Աստղադիտարանի տնօրէնը վաղաժամ կը համարէ հայկական արբանեակին շուրջ ոգեւորութիւնը

Առաջին հայկական տիեզերական արբանեակին մասին տեղեկատւութիւնը ամբողջական չէ` ոգեւորուելու համար, կ՚ըսէ Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Արեգ Միքայէլեան։ Շատ կարեւոր է հասկնալ, թէ արդեօք ամբողջութեամբ հասանելի պիտի ըլլա՞ն այդ արբանեակին տուեալները, հարց տուած է ան «Ազատութեան» հետ զրոյցին:

“Մի կողմից՝ ասում են հայկական արբանեակ, բայց հայկական կոչելու համար, ես նախ եւ առաջ կ՚ուզէի իմանալ՝ արդեօք մենք ամբողջ կառավարումը եւ տուեալների հասանելիութիւնը ունե՞նք: Մեծ հաւանականութեամբ՝ ո՛չ: Այսինքն՝ դա շտապ յայտարարութիւն է… հաւանաբար, ես, ի հարկէ, դեռ չպնդեմ, եկէք առաջ չընկնենք, բայց չի կարող այդպէս յանկարծ, մէկ էլ միանգամից պարզուի՝ Հայաստանը արբանեակ ունի”,– ըսած է Միքայէլեան:

Տիեզերական երեւոյթներու հետազօտութիւններով զբաղող աստղադիտարանի տնօրէնը կառավարութեան Մայիս 26-ի նիստin վարչապետի յայտարարութենէն տեղեկացած է այս պատմական նորութեան մասին՝ Երկիր մոլորակի ուղեծիր արձակուած է հայկական առաջին արբանեակը Իլոն Մասքի SpaceX տիեզերանաւով՝ հայկական «Գեոկոսմոս» ու սպանական ընկերութեան մը հետ համագործակցութեամբ: Միքայէլեան շեշտած է, որ կարեւոր է հասկնալ, թէ ո՞վ վճարած է արբանեակին համար, որպէսզի պարզ դառնայ նաեւ, թէ որո՞ւնն են արբանեակն ալ, անոր տուեալներն ալ: Իսկ տուեալները, ըստ գիտնականին, շատ կարեւոր են՝ աշխարհը շատոնց շատ բան տիեզերքէն կ՚ընէ՝ ամպերու ընթացքէն մինչեւ ռազմական սարքերու տեղաշարժ:

Արբանեակին՝ հետախուզական ոլորտէն ներս նպաստներուն մասին խօսելով, Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէնը ըսած է.- “Պարզ է, որ մենք եթէ դա ունենայինք, մեզ համար շատ աւելի ձեռնտու իրավիճակ կը ստեղծուէր: Եթէ մենք ամէնօրեայ, ամէնժամեայ ռեժիմով հետեւէինք, ասենք, թշնամու զինուորների, զրահատեխնիկայի տեղաշարժին, պարզ է՝ աւելի լաւ պատկերացում կ՚ունենայինք”։

Պաշտպանական ոլորտէն բացի, օդերեւութաբանութիւն, քարտէսագրութիւն, գիւղատնտեսութիւն… տիեզերքէն երկրի դիտարկումը անհրաժեշտ է բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, նշած է Միքայէլեան: Ան բերած է Ռուսաստանի օրինակը, որ սիպիրեան հրդեհներու դէմ 100 օդանաւով ալ կարելի պիտի չըլլար պայքարիլ, եթէ օգնութեան չհասնէին արբանեակները:

“Օրինակ, Ադրբեջանը երեք հատ ունի, եւ փաստօրէն իրենք ինչ-որ առումով նաեւ առաւելութիւն ունէին: Ի հարկէ, ես չէի ասի, որ իրենց մօտ շատ բարձր կարգի, բարձր որակի արբանեակներ են, նորերը շատ աւելի լաւն են”,– շեշտած է Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէնը:

Եզրափակելու համար նշենք որ՝ կառավարութեան Մայիս 26-ի նիստին նաեւ յայտարարուած է, որ մինչեւ յառաջիկայ տարեվերջ Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի արբանեակի կառավարման կեդրոն եւ ընդունիչ կայան, ասոր շուրջ պիտի ստեղծուի մասնագիտական խումբ մը։

Խմբագրական