Search
Close this search box.

Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունած է Ռընօ Միւզըլիէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը

Սեպտեմբեր 23-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, հարաւային Ֆրանսայի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէի գլխաւորած տասը հոգինոց պատուիրակութիւնը (ներառեալ թղթակիցներ) այցելած է Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին։

Մէկ ժամէ աւելի տեւած հանդիպումին Վեհափառ հայրապետը անդրադարձած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Լիբանանի հայութեան, Հայաստանի ու Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ֆրանսա եւ Հայաստան-Ֆրանսա իւրայատուկ յարաբերութիւններուն: Այս ծիրէն ներս Արամ Ա. իր խոր գոհունակութիւնը յայտնած է Ֆրանսայի ցուցաբերած զօրակցութեան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի նկատմամբ՝ այն ակնկալիքով, որ այդ զօրակցութիւնը ըլլայ աւելի ամուր ու գործնական, մա՛նաւանդ, որ երկու երկիրներն ալ ահաւոր դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։

Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնած է Ռընօ Միւզըլիէին, Մարսիլիոյ ճեմարանին իր կատարած նիւթական օժանդակութեան համար եւ մաղթած, որ այդ օժանդակութիւնը ըլլայ շարունակական: Ապա, Արամ Ա. պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը այցելած է՝ հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութիւնն ու վերածնունդը մարմնացնող յուշարձանը: