Search
Close this search box.

Արամ. Ա. կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Հալէպի իրադարձութիւններուն

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մօտէն կը հետեւի Հալէպի մէջ զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներու հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին։

Վեհափառ հայրապետը մնայուն կապի մէջ ըլլալով առաջնորդ սրբազանին եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ, իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ անոնց, որոնք բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատու ոգիով մօտէն կը հետեւին հայ համայնքին բարօրութեան։