Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին կը սպառնայ ցմահ բանտարկութիւն։ «Ռիա Նովոստի»-ի համաձայն՝ այս կապակցութեամբ յայտարարած են Ազերպայճանի գլխաւոր դատախազութիւնը եւ Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը։
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Յարութիւնեան կը մեղադրուի Ազերպայճանի քրէական օրէնսգիրքի տասնէ աւելի յօդուածներով եւ առաւելագոյն պատիժը ցմահ բանտարկութիւնն է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։