Search
Close this search box.

Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը մեկնի Երեւան՝ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու համար

 

Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը կը մեկնի Երեւան՝ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու նպատակով:

Լուրը հաղորդած  է Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Լուսինէ Ավանէսեան։

Արցախեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Մասիս Մայիլեան: