Search
Close this search box.

Արայիկ Յարութիւնեան. «Մենք անառակ զաւակ չենք»

Օգոստոս 6-ին Հանրային հեռատեսիլին տուած իր հարցազրոյցին՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նաեւ յայտարարած է՝ “Ես պատրաստ եմ որեւէ հաշուետւութիւն եւ գործունէութիւն թափանցիկ ներկայացնել”,– հակադարձելով Երեւանէն հնչող մեղադրանքներուն, թէ Հայաստանի ամավարկէն Արցախին յատկացուած միջոցները Արցախի իշխանութիւնները արդիւնաւէտ չեն ծախսած։ Ան ընդգծած է, որ ամէն ամիս Հայաստանի Ելեւմուտքի նախարարութեան հաշիւ կը ներկայացնեն։ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է աջակցութեան համար ու յորդորած՝ չկասկածիլ այդ գումարներու օգտագործման արդիւնաւէտութեան մասին։
Արցախի նախագահը նշած է, թէ Հայաստանի տրամադրած գումարները կը գործածուին մի՛այն ընկերային  նպատակներու համար։ “2021-ին արդէն վերականգնուած էր Արցախի տնտեսութիւնը, բայց շրջափակումը քանդեց դա։ Չկայ տնտեսութիւն Արցախում, գրեթէ բոլորը գործազուրկ են”։

Նախագահը աւելցուցած է, թէ ինք երբեւէ չէ յայտարարած, բայց Ստեփանակերտի մէջ նախապէս գործող, իր հետ առնչուած ընկերութիւնը պատերազմէն ետք Հայաստանի պետական պիւտճէին վճարած է շուրջ 900 միլիոն դրամ։

“Մենք անառակ զաւակ չենք եւ շնորհակալ ենք։ Մենք, դիմադրելով, Արցախում ապրելով, մեր պարտքն ենք տալիս ոչ միայն հայրենիքին, մայր Հայաստանին, սփիւռքին, այլեւ մարդկութեան, մենք այդպէս ենք հատուցում մեզ ուղղուած միջոցները”,– նշած է ան՝ յիշեցնելով Վահէ Հայկի «Կաթիդ փարան չմոռնաս, մամա՛» ստեղծագործութիւնը։

«Պիտի շարունակենք պայքարը»

Արայիկ Յարութիւնեան վերահաստատած է, որ իշխանութիւններն ու ժողովուրդը պիտի շարունակեն ինքնորոշման համար պայքարը։

“Մենք պարտաւոր ենք յարգել ժողովրդի՝ պայքարելու ցանկությունը։ Շարունակելու ենք ինքնորոշման համար պայքարը։ Յանուն հայկական Արցախի, մեր ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի, մեր նահատակուած պապերի, քոյր ու եղբայրների յիշատակի ու մեր ապագայի՝ պէտք է դիմանանք զրկանքներին: Զրկանքները ժամանակաւոր են, անցողիկ: Ի հարկէ, դրանք հետեւանքներ ունենում են, սակայն ես չեմ ուզում, որ մեր գլխաւոր նպատակը ստորադասուի”,– ընդգծած է նախագահը:

Յարութիւնեան Հայաստանի իշխանութիւններուն յորդորած է զգուշ ըլլալ Արցախի վերաբերեալ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ

“Ես ուզում եմ յորդորել Հայաստանի իշխանութիւններին զգուշ լինել եւ զերծ մնալ այն քայլերից, յայտարարութիւններից, որը կարող է կասկածի տակ դնել Արցախի ինքնորոշումը: Արցախեան շարժումը սկսուել է 1988 թուականին ո՛չ թէ մէկ մարդու, ո՛չ թէ ղեկավարի կամ իշխանութեան, այլ ժողովրդի կողմից, այն արտացոլուել է հանրաքուէներով։ Ո՛չ ոք իրաւունք չունի կասկածի տակ դնելու եւ սահմանափակելու մեր ինքնորոշման իրաւունքը: Դա բացառիկ իրաւունք է, որը չի տրուել իշխանութիւնների կողմից, այլ միջազգայնօրէն ճանաչուած է եւ այդ իրաւունքի առումով պատրաստակամութիւն է յայտնել պայքարել Արցախի ժողովուրդը, որին սատար է կանգնում հայ ժողովուրդը”,– յայտնած է Յարութիւնեան:

Նախագահը աշխարհասփիւռ Հայութենէն նախ բարոյական աջակցութիւն կ՚ակնկալէ, նաեւ՝ նիւթական

Արցախի նախագահը նշած է, թէ աշխարհասփիւռ Հայութենէն նախ բարոյական աջակցութիւն կ՚ակնկալէ՝ ցոյցերու, կոչերու եւ այլ միջոցառումներու ձեւով։ “Նիւթականը եւս խիստ կարեւոր է այս փուլին, քանի որ Արցախի տնտեսութիւնը, փաստօրէն չի գործում”։

Աւարտին նախագահը յոյս յայտնած է, թէ ամէն ինչ պիտի հարթուի։