Search
Close this search box.

Արայիկ Յարութիւնեան քաղաքական ու հանրային գործիչներուն զուսպ ըլլալու կոչ ըրած է

Սեպտեմբեր 4-ին, Արցախի նախագահի պաշտօնէն հրաժարած Արայիկ Յարութիւնեան Ազգային ժողովի երեսփոխաններուն կոչ ըրած է նախագահի ընտրութեան հարցին մէջ առաջնորդուելու իրենց խղճով եւ «չտրուելու տարաբնոյթ նեղ խումբերի ազդեցութիւններին»:

Յիշեցնելով, որ 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ դադրեցուցած է իր կուսակցական գործունէութիւնը եւ որեւէ առնչութիւն չունի «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան հետ՝ Յարութիւնեան շեշտած է, թէ որեւէ կերպով չի կրնար եւ չի փափաքիր ներգրաւուիլ Ազգային ժողովի «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան դիրքորոշման ձեւաւորման մէջ։

«Ո՛չ ես, ո՛չ էլ մէկ այլ կողմնակի անձ իրաւունք չունենք միջամտելու այդ գործընթացին: Յորդորում եմ բոլոր քաղաքական ու հանրային գործիչներին զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ առաջնորդուել Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ եւ ժողովրդավարական բարձր քաղաքական մշակոյթով: Սա մեր պետական ու քաղաքական համակարգերի կարեւորագոյն քննութիւնն է, որը պէտք է անցընենք պատուով ու անցնցում: Եթէ ոեւէ անձ կամ խումբ փորձի ցնցումներ հրահրել, դա կը լինի լրջագոյն հարուածը Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգին ու ապագային»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է Յարութիւնեան։

Անդրադառնալով այս կամ այն թեկնածուի ի նպաստ կամ դէմ Հայաստանէն հնչող յայտարարութիւններուն, Յարութիւնեան պարզապէս խնդրած է չխառնուիլ ու չխաթարել Արցախի ներքին կեանքի փխրուն կայունութիւնը՝ այն ալ ներկայի ծանր ժամանակաշրջանին: