Ի. դարու կարեւոր հայ դէմքերէն մէկն է Վարդուհի Քալանթար, որու այս օրերուն թրքերէն ընթերցողը կը ծանօթանայ անոր «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» անուն յուշագրութեամբ։
Վարդուհի Քալանթար 1895-ին ծնած է Պուրսա, ուր հայրն ու մայրը հիմնած էին Քալանթարեան վարժարանը։ 1908-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Պոլիս։ 1911-ին համալսարանական կրթութիւն ստանալու նպատակով կը մեկնի Լոզան։ Համալսարանը աւարտելէ ետք, Լայփցիկի մէջ կը շարունակէ յետհամալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը, սակայն չի կրնար աւարտել զայն, որովհետեւ ամռան արձակուրդին կը սկսի Առաջին աշխարհամարտը եւ ան չի կրնար լքել Պոլիսը։ Այդ շրջանին մատնութեան մը հետեւանքով խուզարկումի կ՚ենթարկուի տունը եւ կը ձերբակալուի հօրն ու մօրը հետ եւ կը դատուի Պատերազմական ատեանին առջեւ եւ դեռ 20 տարեկանին կը բանտարկուի՝ Պոլսոյ Կեդրոնական բանտին (Մեհթէրհանէ) մէջ։
Քալանթար ազատ կ՚արձակուի 1918-ին։ Պատերազմի աւարտին կը մասնակցի հանրային օժանդակութեան աշխատանքներու, կ՚աշխատակցի «Հայ կին» հանդէսին։ 1922-ին կը գաղթէ ԱՄՆ, ուրկէ այլեւս երբեք չի վերադառնար իր ծննդավայրը։ Հոն կ՚ամուսնանայ Զաւէն Նալբանդեանի հետ եւ այր ու կին Զարեւանդ գրական անուամբ քաղաքական ու պատմագիտական բազմաթիւ աշխատանքներ կը ստորագրեն։ Կը մահանայ 1978-ին Ուաշինկթընի մէջ։
Վարդուհի Քալանթար «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» յուշագրութեամբ կը ներկայացնէ վկայութիւն մը, որ ունի օսմանեան տարածքին կնոջ մը կողմէ գրուած բանտային առաջին վկայութիւնն ըլլալու առանձնայատկութիւնը։
Ան այս գրուածքով ցոյց կու տայ, որ ամենադժուարին պայմաններու տակ իսկ կարելի է դիմադրել։ «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» յուշագրութիւնը հրատարակուած է 1921-1922 թուականներուն, ֆեմինիսթ յայտնի լրագրող ու գրող Հայկանոյշ Մառքի «Հայ կին» պարբերականին մէջ։ Հեղինակը սուր դիտարկումով կը սեւեռէ մերթ բանտապահները, մերթ քիւրտ, աճէմ, գաղթական կամ արաբ բանտարկեալները՝ մարդաբանական աշխատասիրութեան մը նման իր բոլոր գոյներով ներկայացնելով օսմանեան բանտի մը տարբեր կողմերը՝ բանտարկեալներու կրած զրկանքները եւ տիրող ծանր, հոգեմաշ մթնոլորտը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։