Search
Close this search box.

Արարատ Միրզոյեան՝ Պրիւսէլի մէջ

ԱԳ նախարարն ու Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահը քննարկած են տարածաշրջանի անվտանգութեան հարցեր

Աշխատանքային այցով Պրիւսէլ գտնուող ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Մայիս 18-ին հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Էվա Քոպաչի հետ։

Զրուցակիցները ընդգծած են ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած՝ Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան ընդլայնման ու խորացման կարեւորութիւնը։ Էվա Քոպաչ բարձր  գնահատած է ժողովրդավարական զարգացման նպատակով ՀՀ կառավարութեան ձեռնարկած բարեփոխումները եւ աջակցութիւն յայտնած է անոնց։

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներ։ Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած քայլերու եւ Արցախեան հակամարտութեան համապարփակ եւ մնայուն կարգաւորման վերաբերեալ։

ՀՀ Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի շարք մը երեսփոխաններու հետ։

Անոնցմէ Ֆապիօ Մասիմօ Գասթալտոյի հետ հանդիպումին՝ Արարատ Միրզոյեան անոր շնորհած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին աստիճանի Պատուոյ շքանշան՝ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման մէջ ունեցած զգալի ներդրումին համար։

Միրզոյեան յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Նոյն օրը, նախարար Միրզոյեան յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղկեպսակ զետեղած է Պրիւսէլի Հանրի Միշօ հրապարակը գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-կոթողին առջեւ:

Յիշեցնենք, որ յուշակոթողը վերջերս վանդալական արարքի ենթարկուած էր, ապա քաղաքային իշխանութիւններուն կողմէ՝ վերականգնուած։