Սեպտեմբեր 28-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպէռ-Լիւք Տըվինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախարարը ողջունած է ֆրանսացի ծերակուտականներու պատուիրակութեան այցը Հայաստան՝ գնահատելով ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնն ու ցուցաբերուող շարունակական զօրակցութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր։ Միրզոյեան ֆրանսացի ծերակուտականներուն ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ազերպայճանի զինեալ յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ բարձր գնահատելով ֆրանսական կողմի հասցէական գնահատականները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը:
Նախարարը յայտնած է, որ Ազերպայճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի միջոցով խնդիրներու լուծման հասնելու փորձերը անթոյլատրելի են եւ պէտք է դատապարտուին միջազգային հանրութեան կողմէ: Ան ընդգծած է Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ Ֆրանսայի կարեւոր դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս։
Նախարար Միրզոյեան բարձր գնահատած է նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբին գործունէութիւնը՝ Ծերակոյտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ու Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ
Նոյն օրը, վարչապետ Փաշինեան եւս ընդունած է ֆրանսական պատուիրակութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։