Սեպտեմբեր 9-ին, Լիւքսեմպուրկի իր պաշտօնակցին հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, թէ «խաղաղութեան պայմանագրի այն բնագիրը, զոր առաջարկած ենք, ամբողջովին համաձայնութեան արժանացած բնագիրն է»:
“Դրանք կամ յօդուածներ են, որոնք նախկինում ամբողջապէս համաձայնեցուել են, կամ յօդուածների այն մասերը, որոնք յաջողուել է համաձայնեցնել: Փաստացի ամբողջ բնագիրը ծայրից-ծայր համաձայնեցուած է եւ սա է եղել մեր առաջարկը՝ ստորագրել այն, ինչը յաջողուել է այս ընթացքում համաձայնեցնել: Հետեւաբար, բնագրի շուրջ այլեւս անհամաձայնութիւն չկայ: Այլ բան է, որ երբեմն ադրբեջանական կողմը այլ խնդիրներ է փորձում ներառել բանակցային գործընթաց: Մեր մօտեցումն այն է, որ մենք օր առաջ, րոպէ առաջ կարող ենք արդէն համաձայնեցուած բնագիրը ստորագրել”,– նշած է ԱԳ նախարարը։
Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութիւնը հակադարձած է
«Երեւան կը փորձէ կրճատել Պաքուի հետ հաշտութեան պայմանագրի բնագիրը՝ զայն արագ ստորագրելու համար»
Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ հակադարձելով Արարատ Միրզոյեանի վերոնշեալ յայտարարութեան ըսած է.
“Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու մասին համաձայնագրի նախագծին առնչուող Պաքուի վերջին մեկնաբանութիւնները տրամադրուած են Յունիսին, մինչդեռ Հայաստան իր մեկնաբանութիւնները ուղարկած է Օգոստոսի վերջը՝ շուրջ 70 օր յետոյ:
Հայկական կողմը Ազերպայճանի կողմէ ներկայացուած մեկնաբանութիւններուն համարժէք արձագանգելու փոխարէն կը փորձէ անտեսել խնդիրները՝ նախագիծէն հանելով անհրաժեշտ դրոյթները:
Սա պահուս նախագիծի դրոյթներու մեծ մասը, այսինքն՝ շուրջ 80 տոկոսը, համաձայնութեան արժանացած է, սակայն որոշ դրոյթներ տակաւին համաձայնութեան կը կարօտին։ Բայց այդ չի նշանակեր, որ համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի, ինչպէս Հայաստան կ՚առաջարկէ՝ նախագիծէն համաձայնութեան չարժանացած դրոյթները բացառելու միջոցով։ Սա անընդունելի է։
Հայաստան, որ կը շարունակէ տարածքային նկրտումներ ունենալ Ազերպայճանի նկատմամբ եւ կը փորձէ վերակենդանացնել՝ նախկին հակամարտութեան ժառանգութիւնը համարուող Մինսքի խումբի աշխատանքը, բազմաթիւ հարցեր կը ստեղծէ իր իրական մտադրութիւններուն մասին՝ նուազեցնելով «խաղաղութեան համաձայնագրի» բնագրին պարունակը, կոչ ընելով զայն ստորագրել որեւէ ձեւով։
Համաձայնագրին նախագիծը ստորագրելու համար Հայաստան նախ պէտք է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ, ուր յղում կայ մեր երկրի նկատմամբ տարածքային նկրտումներու:
Ապա նաեւ հակառակ անոր որ Հայաստան տեղեակ է Ազերպայճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միացնող հաղորդակցութիւններու բացման գծով գրաւոր իր պարտաւորութիւններու գոյութեան մասին, ցարդ զանոնք չէ գործադրած:
Ինչ կը վերաբերի երկիրներու տարածքներուն մէջ արտասահմանեան մասնաւոր ընկերութեան ներգրաւման գաղափարներուն, ապա հարկ է նշել, որ Ազերպայճան երբեք չէ քննարկած իր տարածքին մէջ երրորդ կողմի ներգրաւման հարցը”:
Որպէսզի Հաճիզատէի այս վերջին ըսածները հասկնալի ըլլան մեր ընթերցողներուն, նշենք թէ քանի մը օր առաջ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան յայտարարեր էր, թէ կը քննարկուի Սիւնիքի վրայով Ազերպայճանը Նախիջեւանին կապող ճամբուն վերահսկողութիւնը մասնաւոր ընկերութեան մը (Հայաստանի մէջ կը կոչեն «պահնորդական ընկերութիւն») յաձնելու գաղափարը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։