Search
Close this search box.

Արդարադատութեան նախարար կը նշանակուի Սրբուհի Գալեան

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար կը նշանակուի ներկայիս Գլխաւոր դատախազի տեղակալ Սրբուհի Գալեան: Այս մասին Դիմագիրքի իր էջով հաղորդած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նշելով, թէ ենթակային թեկնածութիւնը առաջադրած է իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնը:

32-ամեայ Սրբուհի Գալեան Գլխաւոր դատախազի՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման ուղղուած գործառոյթներու ոլորտը համակարգող տեղակալն է։ Ան այդ պաշտօնին նշանակուած է 2020 Սեպտեմբեր 1-ին, իսկ մինչ այդ շուրջ մէկ տարի եղած է Արդարադատութեան փոխնախարար:

Այսպէսով, Հայաստանի մէջ գլխաւոր պաշտօններ վարող կիներու թիւը կը հասնի հինգի։ Միւս չորսն են՝ Արտաքին հետախուզութեան ղեկավար Քրիստինէ Գրիգորեան, Ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեան, Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեան եւ Մշակոյթի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։