Search
Close this search box.

Արդէն նախընտրական արշա՞ւ

Վարչա­պետ Փա­շինեանի կո­չը նախ­կին նա­խագահ­նե­րուն հետ վի­ճարկելու Ար­ցա­խի հար­ցին շուրջ՝ նա­խընտրա­կան պատ­րաստու­թիւն կը հո­տի։ Մա՛­նաւանդ երբ մար­տահրա­ւէրը կու գայ գոր­ծող վար­չա­պետին կող­մէ։ Եթէ այդ հրա­ւէրը ըլ­լար եր­րորդ կող­մէ մը, հան­րա­յին հար­թա­կի մը, մտա­ւորա­կան­նե­րու կամ մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչնե­րու կող­մէ, բնա­կանա­բար վի­ճար­կումը ու­րիշ հնչո­ղու­թիւն կ՚ու­նե­նար։ Եւ բնա­կան էր որ գոր­ծող վար­չա­պետին վի­ճար­կե­լու առա­ջար­կը մեր­ժուէր նախ­կիննե­րուն կող­մէ, որով­հե­տեւ ինչ ալ ըլ­լայ՝ բո­լորն ալ իրենց մեղ­քի բա­ժինն ու­նին Ար­ցա­խի կո­րուստին մէջ, որով­հե­տեւ իրենց նա­խագա­հու­թեան օրօք հիմ­քը չեն դրած հիմ­նա­ւոր լու­ծումի մը, կամ ինչպէս Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանի պա­րագան էր՝ բա­նակա­ցու­թիւննե­րուն նպա­տակը եղած է մի­ջան­կեալ լու­ծում մը, որ ոչ մէկ ձե­ւով 100 առ 100 կրնար բացառել Ազեր­պայճա­նի կողմէ յար­մար առի­թին պատերազմի վերսկսումը՝ Ար­ցա­խը ամ­բողջո­վին իրեն են­թարկե­լու հա­մար։

Ինչ որ առա­ջին երեք նա­խագահ­նե­րը չեն կա­տարած եր­կի­րը պա­տերազ­մէ հե­ռու կա­ցու­ցե­լու հա­մար՝ պա­տերազ­մի պատ­րաստուի՛լն է, որուն հա­մար անհրա­ժեշտ էր ազ­գա­յին միաս­նա­կան ոգիի մշա­կու­մը, ժո­ղովուրդին մէջ ձե­ւաւո­րելով իր կա­ռավա­րիչ­նե­րուն հան­դէպ վստա­հու­թիւն։ Վստա­հու­թիւն մը, որ ոչ մէկ նա­խագահ վա­յելած է։ Առա­ջին նա­խագա­հը դեռ «իմաս­տուն» գտնուած է հրա­ժարե­լով իր պաշ­տօ­նէն, առաջքն առ­նե­լու հա­մար արիւ­նա­լի բա­խումնե­րու։ Իսկ անոր յա­ջորդնե­րը երկրի անվտան­գութիւ­նը վստա­հած են Ռու­սաստա­նին, որ իրենք աւե­լի ազա­տօրէն զբաղին եր­կի­րը կո­ղոպ­տե­լով։ 1999-ի սպան­դը աւե­լի խո­րացու­ցած է ժո­ղովրդա­յին անվստա­հու­թիւնը զինք կա­ռավա­րող­նե­րուն հան­դէպ։ Գոր­ծընթաց մը որ ու­նե­ցաւ իր շա­րու­նա­կու­թիւնը՝ յան­գե­լով 2008 Մարտի յե­տընտրա­կան ժո­ղովրդա­յին ցոյ­ցե­րու մի­ջադէ­պերուն ու սպան­դին. ան­կէ ետք, Հա­յաս­տան ամ­բողջո­վին դար­ձաւ Ռու­սաստա­նի իշ­խա­նաւոր­նե­րուն են­թա­կայ ու ամ­բողջո­վին ան­կէ կա­խեալ պե­տու­թիւն մը թէ՛ տնտե­սական, թէ՛ ռազ­մա­կան եւ թէ՛ դի­ւանա­գիտա­կան գետ­նի վրայ։ 

Քա­ղաքա­կան այս հի­ւան­դա­գին վի­ճակը առաջ­նորդեց Հա­յաս­տա­նի բնակ­չութեան փա­խուստին իր իսկ հայ­րե­նիքէն՝ դէ­պի Ռու­սաստան կամ Արեւ­մուտք։ Եւ փա­կու­ղի առաջ­նորդող այս գոր­ծընթա­ցը յան­գե­ցաւ թաւ­շեայ յե­ղա­փո­խու­թեան, որուն յա­ջողու­թեան մէջ որ­քան որ կա­րեւոր դեր խա­ղաց Նի­կոլ Փա­շինեան եւ «իմ­քայլա­կան­»-ե­րը, նո՛յնքան ալ կա­րեւոր դեր խա­ղաց Սերժ Սարգսեան, հրա­ժարե­լով վար­չա­պետու­թե­նէն եւ չկրկնե­լով 2008 Մար­տի՝ բռնի ու­ժի դի­մելու բե­մագ­րու­թիւ­նը։

Ու­րեմն, ին­չո՞ւ Փա­շինեանի թա­խան­ձանքը պատ­մութեան այս ցա­ւոտ էջը վե­րար­ծարծե­լու։ Ի՞նչ քա­ղաքա­կան նպա­տակ կը հե­տապնդէ։ Գա­լիք ընտրու­թիւննե­րուն պատ­րաստու­թեա՞ն ռազ­մա­վարու­թիւն է, թէ՞ իր իշ­խա­նու­թեան օրօք ար­ձա­նագ­րուած ող­բերգու­թեան պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը պատ­մու­թեան առ­ջեւ առանձին չկրե­լու մտա­հոգու­թեամբ առնուած քայլ։

Երեք նա­խագահ­ներն ալ գրե­թէ զինք մի՛ակ մե­ղաւորը նկա­տող պա­տաս­խաններ տուին։ Ինչ որ ցոյց կու տայ թէ տա­կաւին այս խնդի­րը ու­նի հան­րա­յին լայն հնչո­ղու­թիւն։ Նա­խագահ­նե­րէն ոչ մէկը ա­ռաջար­կեց վի­ճար­կումի փո­խարէն միաս­նա­բար խորհրդա­ծել թէ ինչպէ՞ս կա­րելի է բռնի տեղահանուածնե­րուն առօրեան բա­րելա­ւել, Պա­քուի բան­տարկեալ­նե­րը ազա­տել, Հա­յաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած այ­սօ­րուան ծան­րակշիռ խնդիր­նե­րը լուծել։

2020-ի պա­տերազ­մէն աս­դին Խորհրդա­րանին մէջ ընդդի­մադիր երեսփո­խաննե­րու ընդդի­մախօ­սու­թիւննե­րուն մի՛ակ ու գլխա­ւոր նիւ­թը եղած է վար­չա­պետի հրա­ժարա­կանը, դա­ւաճա­նու­թիւնը, հա­կառակ հան­րա­յին լայն խա­ւերու մէջ տիրող համատարած հա­մոզումին, թէ Ռու­սաստա­ն խուսա­փած է Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ դաշ­նակ­ցա­յին իր պա­տաս­խա­նատ­ւութե­նէն եւ ան­ժխտե­լի դե­ր ունեցած է Ար­ցա­խի՝ ազե­րի­նե­րուն յանձնումին մէջ։

Ընդդի­մու­թեան կազ­մա­կեր­պած վեր­ջին հա­կափա­շինեանա­կան «Սրբա­զան պայ­քար»-ի ձա­խողու­թե­նէն ետք, Փա­շինեանի հա­կայար­ձա­կումն է, առաջ­քը առ­նե­լու հա­մար նոր «հա­կակա­ռավա­րական» ար­շա­ւի մը։ Նա­խագահ­նե­րու ուղղուած մար­տահրա­ւէրը նա­խընտրա­կան ար­շա­ւի նա­խապատ­րաստու­թիւն մըն է մին­չեւ յա­ջորդ խորհրդա­րա­նա­կան ընտրու­թիւննե­րը։ Մինչ այդ, նախ­կին վար­չա­կար­գի քա­ղաքա­կան բարձր­աս­տի­ճան գոր­ծիչնե­րու կա­շա­ռա­կերու­թեան վերաբերեալ՝ դա­տարա­նի տա­տամ­սոտ ամ­բաստա­նու­թիւննե­րը հա­սան ար­դիւնա­ւէտ բնա­կանոն վի­ճա­կի, որու մասին վար­չա­պետը յայ­տա­րարեց որ նախ­կիննե­րու յափշտա­կու­թիւննե­րը մէկ առ մէկ հան­րութեան պի­տի ներ­կա­յացուին։

Ժ.Չ. ■