Յուլիս 31-ին, Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ արդէն 6-րդ օրն է, որ Հայաստանէն Արցախ 360 թոն մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող բեռնակառքերը տակաւին Կոռնիձորի սահմանին կը սպասեն, որ բեռները յանձնեն ռուս խաղախապահներուն, որպէսզի վերջիններս ալ իրենց կարգին սննդամթերքը Արցախ հասցնեն։ Սակայն տակաւին խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ որեւէ արձագանգ չկայ։
Վարդան Սարգսեան
Սարգսեան ընդգծած է, թէ հակառակ տարբեր պետութիւններու կողմէ հնչած զանազան կոչերուն, միջազգային լայն արձագանգին, քաղաքական, հասարակական գործիչներու յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի ընդունած համապատասխան որոշումներուն՝ Ազերպայճան փաստօրէն կը շարունակէ ապօրինաբար փակ պահել Բերձորի միջանցքը եւ խոչընդոտ կը հանդիսանայ բեռներու փոխադրութեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։