Նիու Տելհիի մէջ կայացած G20-ի համաժողովին ունեցած իր ելոյթին՝ Արժանթինի նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտես անդրադարձած է Ազերպայճանի կողմէ պարտադրուած Արցախի շրջափակման։ Լուրը կը հաղորդէ Diario Armenia-ն։
«Այն պահուն, երբ պատերազմ կ՚ընթանայ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, կը բազմանան դաժան հակամարտութիւնները, որոնք աւելի քիչ կ՚արժանանան հանրային ուշադրութեան, բայց նոյնքան ցաւոտ են․ այդպիսին է Ազերպայճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը, որ մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացուցած է, նպատակ ունենալով իր տարածքին մէջ պատժել հայ ժողովուրդը: Արժանթին կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը բազմակողմանիութեան` իբրեւ միջազգային փոխըմբռնման գերագոյն եղանակ»,– յայտարարած է Ֆերնանտես:
Հակազդելով նախագահ Ֆերնանտեսի այս յայտարարութիւններուն, Սեպտեմբեր 11-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած է Արժանթինի դեսպանը եւ անոր յանձնուած բողոքագիր մը։
Պաքու յորդորած է դեսպանին՝ «ձեռնպահ մնալ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ յայտարարութիւններէ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։