Դոկտոր Լուիս Մորենօ Օքամփօ՝ Պատժական միջազգային ատեանի նախկին դատախազը, որ իր զեկոյցին մէջ Ազերպայճանի գործողութիւնները Արցախի հայ բնակչութեան նկատմամբ որակած է ցեղասպանութիւն, Օգոստոս 27-ին այցելած է Պուէնոս Այրէսի «Խրիմեան» հայկական գոլէճ եւ հանդիպում ունեցած տեղւոյն հայկական ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներուն հետ։
Diario Armenia-ի համաձայն՝ սոյն հանդիպումին մասնակցած են «Խրիմեան», «Արծրունի», «Մխիթարեան» վարժարաններու, «Մարի Մանուկեան» հիմնարկի բազմաթիւ սաներ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներ։
Արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնած են Օքամփոյին՝ Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ազերպայճանի գործադրած ցեղասպանական շրջափակումէն յետոյ իր ստանձնած յանձնառութեան համար։
Ան իր ելոյթը սկսած է՝ կոչ յղելով իւրաքանչիւր ուսանողի, մասնակցելու COP29 համաժողովի ընթացքին Ազերպայճանի յանցագործութիւնները դատապարտելու արշաւին: “Այսօր աշխարհի մէջ ամէնէն մեծ խնդիրը այն է, որ չկայ դատաւոր, որ կրնայ վերափոխել իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Համաշխարհային համակարգը չունի կեդրոնական իշխանութիւն: Շատ հարցեր կը լուծուին զինուած ուժերու միջոցով, ինչպէս Ազերպայճան ըրաւ 2020-ին՝ տիրանալով Արցախին”,– նշած է Օքամփօ:
Ան ուսանողներուն առաջարկած է ընկերային ցանցերու միջոցով դատապարտել Ազերպայճանի մէջ կատարուող յանցագործութիւնները՝ օգտագործելով շարք մը hashtag-ներ՝ #COP29 #StopGreenwashGenocide #FreeArmenianHostages #FreePoliticalPrisoners #COP29Exposed #COPout29 #COP29HomFostreeba:
Ըստ անոր՝ առաջին նպատակն է ձեռք ձգել ազատ արձակումը Պաքուի մէջ բանտարկուած 23 հայերուն, զորս ան համարած է պատանդ, քանի որ Արցախի ձերբակալուած նախկին ղեկավարները յանցանք չեն գործած։
Յիշեցնելով 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ ան անդրադարձած է Աւրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի պատմութեան՝ վկայակոչելով «Աւրորայի արեւածագը» (2022) վաւերագրական կենդանապատկեր ֆիլմը։
Ուսանողները բազմաթիւ հարցումներ ուղղած են բանախօսին: “Այսօր դուք աքսորուած արցախցի երեխաներու ձայնն էք ամբողջ աշխարհի մէջ”,– եզրափակած է Պատժական միջազգային ատեանի նախկին դատախազը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։