Յունուար 5-ին, Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան յարկին տակ տեղի ունեցած է արժանթինցի նշանաւոր իրաւաբան, Պատժական միջազգային ատեանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյին՝ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի անունով՝ երախտագիտութեան շքանշանի տուչութեան արարողութիւնը:
Ներկայացնելով Օքամփոյի գործունէութիւնը՝ դեսպան Յովհաննէս Վիրաբեան ընդգծած է, թէ վերջինս մեծ աւանդ ունի մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գործին մէջ՝ աւելցնելով, որ ան իր զեկոյցով մեծապէս նպաստած է Արցախահայութեան նկատմամբ գործուած ոճիրին՝ հանրութեան աւելի հասկնալի դառնալուն եւ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ճշգրիտ իրաւական գնահատական տրուելուն: Նշուած է, որ շքանշանը ոչ միայն Արցախի 120.000 բնակչի, այլ նաեւ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի եւ ամբողջ Հայութեան երախտագիտութեան հանրագումարն է:
Արարողութեան ընթացքին ցուցադրուած է նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի տեսաուղերձը, ուր վերջինս շնորհակալութիւն կը յայտնէր անոր եւ բարձր կը գնահատէր իբրեւ հեղինակաւոր իրաւաբան եւ մարդասէր՝ Արցախահայութեան կեանքի, սեփականութեան եւ վերադարձի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման նպաստելու ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքը:
Այնուհետեւ դեսպանը Հայաստանի նախագահին անունով երախտագիտութեան շքանշանը յանձնած է մեծարեալին։
Վերջինս իր կարգին նշած է, թէ իրեն համար պատիւ է ցեղասպանութեան կանխարգիլման նպաստելը՝ ընդգծելով, թէ Հայութեան համար դժուար է հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ կրկին հայ ազգը ցեղասպանութեան զոհ կը դառնայ:
Օքամփօ շեշտած է, որ ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգը տակաւին առկայ է, այդ համածիրին մէջ կարեւոր նկատելով հայկական սփիւռքի ներուժը եւ համախմբուած ու շարունակական գործունէութիւնը՝ յատկապէս նշելով արժանթինահայ համայնքին օրինակը:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են համայնքային պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, հայ համայնքի եւ լրասփիւռներու ներկայացուցիչներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։