Հայաստանի Մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան Սեպտեմբեր 20-ին լրագրողներուն հաղորդած է, թէ նոր կազմակերպութիւն մը հիմնած է։
“Ես նախաձեռնում եմ, ինչպէս որ խոստացել էի, աշխուժ հանրային գործունէութիւն, որ ունենալու է նաեւ համակարգային հիմքեր։ Մասնաւորապէս, մենք ստեղծել ենք նոր կազմակերպութիւն, որ կոչւում է Իրաւունքի եւ արդարութեան կենտրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամ”,– նշած է ան եւ աւելցուցած, թէ հիմնադրամին նպատակը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան և իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդումն է, մարդկային իրաւանց եւ ընկերային արդարութեան, ազգային անվտանգութեան ապահովումը, հանրային իրազեկումներու միջոցով հասարակութեան գիտելիքներու մակարդակի բարձրացումը, հասարակութեան մէջ փոխադարձ յարգանքի, բազմակարծութեան եւ հանրային համերաշխութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու, համահայկական համերաշխութեան ապահովումը եւ ազգային արժէքներու պաշտպանութիւնը։
“Յատկապէս ուզում եմ նշել, որ այս հիմնադրամը չունի որևէ սակաւապետի կամ ինչ-որ մեծահարուստի գանձատրում, դա բացառուած է։ Այս կազմակերպութիւնը Սփիւռքի մեր հայրենակիցների, անհատների գանձատրման վրայ է հիմնուած”,– ընդգծած է Թաթոյեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։