Search
Close this search box.

Արման Թաթոյեան Հարվարտ համալսարանին մէջ ներկայացուցած է Արցախի ու Հայաստանի դէմ ազերպայճանական յանցանքներու փաստերը

Իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան դասախօսած է Հարվարտ համալսարանի «Մարդկային իրաւանց» բաժանմունքին մէջ, ներկայացնելով Արցախի ու Հայաստանի դէմ ազերպայճանական յանցանքներու փաստերը, ցեղապաշտ ու հայատեաց քաղաքականութիւնը։

Ան ուսանողներուն հետ քննարկած է Պաքուի իշխանութիւններու ցեղասպան մտադրութիւնը, շեշտելով զանոնք պատասխանատւութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը։

Դասախօսութեան աւարտին, Թաթոյեան հանդիպում ունեցած է Համալսարանին մէջ տարբեր մասնագիտութիւններու հետեւող հայ ուսանողներու հետ: